Արցախեան 1001 Պատում. Մեծ Խաղերը Հոլիուտի Մէջ Չեն Ծրագրուիր (Դ.) Համբիկ Պիլալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խօսքը կը վերաբերի աշխարհաքաղաքական ու համայնակուլ մեծ խաղերու, որոնց ականատես ենք ամէն քայլափոխի: Մեզ հետաքրքրողը, այս պարագային, մեր հայրենիքի մէկ մասի կորուստն էր, որ իրականացաւ հայութեան դարաւոր թշնամի թուրքին ձեռամբ:

Այդուհանդերձ, ինչպիսի ինքնարդարացման բացատրութիւններ ալ տանք պատահածին` Արցախի «յանձնում»-ը Կովկասի թաթարին, մեր օրերու հայոց պետականութեան ուղղուած մեծագոյն դաւն էր, որ ծրագրուեցաւ եւ գործադրուեցաւ աշխարհակուլ պետութիւններու հսկողութեամբ:

Ճիշդ է, որ Արցախի Հանրապետութիւնը ինքնակոչ տարածք կը նկատուէր մեծ թէ փոքր պետութիւններու կողմէ, այդուհանդերձ, արցախահայութիւնը կրցած էր իր քաղաքական մտքին ու հասարակական գիտակցութեան փայլք տալ եւ լծուիլ երկրի կառուցման աշխատանքին:

Հայոց զոյգ հանրապետութիւնները, շնորհիւ իրենց մարտունակ բանակին, կը պաշտպանէին հայոց երկնակամարն ու սահմանները: Հայ ժողովուրդը ամէն կերպ կը փորձէր թիկունք կանգնիլ Արցախին` պետականօրէն ամրակայուելու եւ տնտեսապէս հզօրանալու: Սա արդէն բնական գործընթաց մըն էր աւելի քան 25 տարիէ:

Միւս կողմէ, սակայն, թուրք-ազերիական քաղաքական, դիւանագիտական ու զինուորական սադրանքները անպակաս էին, աւելի՛ն. անոնք անհաշտ աչքով կը դիտէին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երկարամեայ գործունէութիւնը եւ կ՛ուզէին ամէն գնով հարուածել պարտադրուած կացութիւնը:

Կովկասի թաթարը, իրեն աջակից ունենալով Թուրքիան, վերջին տարիներուն կը լծուէր տարբեր տիպի աշխատանքի: Ազերին` ապաւինելով դրամի ուժին, կրցաւ զինուորական արհեստագիտութիւն ձեռք ձգել, լաւապէս սպառազինուիլ, դաշնակից երկիրներու ցանցը ընդլայնել եւ մտնել աշխարհաքաղաքական դասաւորումներու թաքուն թէ բացայայտ ծրագիրներու դաշտին մէջ:

Այս առումով` նաւթի դիւանագիտութիւնը որոշ յաջողութիւններ ու լծակներ ապահոված էր երկրին: Նաւթամուղները ապացոյց են կատարուած աշխատանքին:

Միւս կողմէ, մեծապետական հաշիւները, խօլ արշաւները, նոր քարտէսներու յայտնաբերումն ու ռազմաքաղաքական գործընթացները ձեւով մը ձեռնտու գործօններ հանդիսացան, որպէսզի ազերիներ պատրաստուէին նոր պատերազմի:

Փաստօրէն, հակահայ սադրանքներու եւ զինուորական ճնշումներու օր ըստ օրէ սաստկացումը, արդէն նախանշաններ էին` լայնամասշտաբ պատերազմի մը բռնկումին:

Թշնամի հաշուարկներուն մէջ կար նաեւ Հայաստանի թէ Արցախի ներազգային կեանքի փոթորկալից վիճակն ու հասարակական շերտերու  պառակտումը: Նիկոլական թշուառութիւնը, իր կարգին, ենթարկուելով այս կամ այն արտաքին ուժերու կամքին ու մասնակից դառնալով համայնակուլ ծրագիրներու, արդէն ենթահող կը պատրաստէր թշնամի ուժերու կողմէ հարուածին:

Հայաստանի անձնատուութենէ ետք, արդէն բացայայտ կը դառնային մտածուած դաւերու այլազանութիւնն ու վարչապետի դաւաճանական արարքը:

Իւրաքանչիւր այգաբացի հետ, դաւադիր ուժերու նոր բացայայտումներ լոյսին կու գան: Հայաստանի պետական համակարգ ներխուժած են ապազգային ու թուրք գործակալներու վոհմակներ:

Իսկ միամտութեամբ կլանուած հայը, լսելով ու տեսնելով կատարուածին ահաւորութիւնը, կը շարունակէ հաւատալ, որ դաւադրութիւններ միայն հոլիուտի մէջ կը ծրագրուին` մոռացութեան տալով, որ մեծապետական ուժեր եւ որոշումի կեդրոններ կ՛առաջնորդուին բացառապէս հետազօտական եւ հետախուզական կառոյցներու աջակցութեամբ: