Հայերէնը Կը Զուարճանայ.- Միա՛յն Թէ՞ Մի՛այն. Արմենակ Եղիայեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

armenag@gmail.com

Վերջին առաքումիս առթիւ կարգ մը ընթերցողներ գրեցին, թէ իրենք կը կիրարկեն առաջինը, իսկ ընթերցող մըն ալ գրած էր, թէ մեր հոգեւոր (իմա՝ գրաբար) գրականութեան մէջ կը գտնէ միա՛յն, մինչ ինք իր առօրեային մէջ  կը կիրարկէ մի՛այն:      Ահա՛ եզակի արեւմտահայ մը, որ գիտէ վերլուծել իր արտասանութիւնը…

*   *   *

Ես միտքս շատ չարչարած եմ, թէ ուրկէ՛ յառաջացած է միա՛յն աւանդոյթը, որ խորթ է մեր արդի շեշտադրումին: Եւ ահա դիմեցի «Նոր հայկազեան»-ին, ուր իրօք կը գտնեմ  միա՛յն: Ամենայն հաւանականութեամբ ա՛յս էր, որ հետագային մեկնակէտ կամ օրինակ ծառայեց յետնորդներուն ու այդպէս ալ նուիրականացաւ:

Արդ, գրաբարի ու աշխարհաբարի մէջ միայն նոյն  բաները չի նշանակեր, ուստի նոյն կիրարկութիւնն ու շեշտադրումն ալ չունի ան:

Գրաբարի մէջ միայն  կը նշանակէր «մէն, մեկին, մին, միակ, առանձնական, եզական, սոսկական, միայնաւոր, առանձին  ոք կամ ինչ» («Նոր հայկազեան»),– աշխարհաբար՝ մինակ, թրքերէն՝ եալընըզ: Ասոնք  բոլորը ածականներ են, որոնք դրուելով գոյականի  կամ դերանունի վրայ,  կ’որոշադրեն զայն, ցոյց կու տան անոր որպիսութիւնը, մինչ  աշխարհաբարի մէջ  միայն-ը վաղուց դադրած է իբրեւ ածական գործածուելէ. ան այլեւս ածական չէ՛:

Հոն ուր շարականագիրը կ’ըսէ «միա՛յն սուրբ, միա՛յն Տէր, Յիսուս Քրիստոս…»,– այս կը նշանակէ «Քրիստոս, դուն միա՛կ սուրբն ես, միա՛կ Տէրն ես», եւ այս պարագային իրօք ալ եւ ըստ կանոնի կը շեշտուի ա ձայնաւորը, որ բառիս վերջինն է:

Այլ օրինակներ՝

—Չեմ միայն, զի հայր ընդ իս է:

(Առանձին չեմ, քանզի Աստուած ինծի հետ է)

—Նա  միայն էր մօրն:

(Ան մօրը մէկհատիկն էր)

—Եղէ ես որպէս ճնճղուկ միայն:

(Ես  մինակ ճնճղուկի նմանեցայ կամ միայնակ ճնճղուկ դարձայ)

Այս բոլոր կիրարկութեանց մէջ միայն կը շեշտուի հայերէնի ընդհանուր կանոնով, այսինքն՝ վերջաշեշտ է՝ միա՛յն:

Ծանօթ.—Մալխասեան տուած է մօտաւորապէս 45 կիրարկութիւն, որոնց մէկ հատը միայն ունի գրաբարեան առանձին, միայնակ  նշանակութիւնը՝ «Ես միա՛յն մնացի»,– ուր շեշտուած է  «ա»  ձայնաւորը, իսկ մնացեալները կիրարկուած են արդի իմաստով եւ ոչ մէկը շեշտուած է:

Աշխարհաբարի մէջ, ուրեմն, այս իմաստը անհետացած է, եւ միայն այլեւս ածական չէ, ուրիշ՝  եղանակաւորող բառ մըն է, որ կրնայ դրուիլ նախադասութեան ո՛րեւէ մէկ անդամի վրայ  եւ  կը նշանակէ բացառապէս, բացառաբար եւ ունի սաստկական մըն ալ՝ մի ՛միայն, եւ ասոնց մէջ շեշտուողը առաջին ձայնաւորն է՝ ի[1]:

Օրինակ՝

Ան շահածը կը մսխէ:

Մի՛այն ան շահածը կը մսխէ (բացառաբար ան՝ ուրիշ ոչ ոք):

Ան մի՛այն շահածը կը մսխէ (բացառաբար շահածը՝ ուրիշ ոչ մէկ բան):

Ան շահածը մի՛այն կը մսխէ (բացառաբար կը մսխէ՝ուրիշ բան չ’ը՛ներ՝  չի՛ պահեր, չի՛ խնայեր, չի՛ նուիրեր, օգուտ մը չի՛ քաղեր, չ’ո՛ւտեր, չի՛ խմեր):

Իմաստային կամ կիրառական     այս այլազանութիւնը «Նոր հայկազեան»-ի վերը մէջբերուած ածականական  նշանակութիւններով չենք կրնար արտայայտել:    Հետեւինք՝ մի՞թէ նոյն բանն են.

—Ան մօրը միա՛կն էր:

Ան մի՛այն մօրն էր:

Առաջինը կը նշէ անոր մէկ հատիկ ըլլալը,  ուրիշի մը բացակայութիւնը, մինչ երկրոդը կը նշէ անոր  բացառաբար մօրը,– եւ ուրիշ ոչ  մէկուն,–  պատկանիլը:

—Դուն միա՛կ սուրբն ես:

Դուն մի՛այն սուրբ ես:

Առաջինը կը նշանակէ  քեզմէ բացի ուրիշ սուրբ չկայ, մինչ երկրորդը կը նշանակէ  դուն բնութեամբ սուրբ ես, որեւէ ուրիշ բան չես:

Եւ ախարհաբարեան այս նշանակութիւնները ի յայտ կու գան մի՛միայն  ի ձայնաւորի շեշտադրութեամբ՝ մի՛այն: Կեղծ, արուեստական ու անթելադիր շեշտադրում մըն է միա՛յն-ը: Եւ այսպէս  չի շեշտադրեր արդի հայը: Այլ հարց, թէ ան կ’արտասանէ մի՛այն ու կը գրէ միա՛յն, ինչո՞ւ,– որովհետեւ տեղ մը վարժապետ մը նախապաշարած է զինք, որ հայերէնը կը շեշտէ բառին վերջին ձայնաւորը. ըստ այսմ ալ՝  ան կ’արտասանէ   չ’ա՞ռներ, ու նոյն «տրամաբանութեամբ» կը գրէ չ’առնե՞ր՝ նոյն «ուսմունքին» թելադրանքով: Այսպէս «կը տրամաբանէ» նաեւ  մեր վեղարաւոր ու անվեղար մտաւորականութեան…99 տոկոսը:

Փորձեցէ՛ք եռակի կամ քառակի ուժգնութեամբ փոխն ի փոխ արտասանել՝ մի՛այն եւ միա՛յն՝ անդրադառնալու համար վերջինին արուեստականութեան:

*    *   *

Մի՛այն-ի  առաջին ձայնաւորի շեշտադրումին ի նպաստ կը խօսի նաեւ  մի՛միայն-ը, որ իր սաստկական տարբերակն է, եւ որուն շեշտադրումը անվիճելի է:

Մի՛այն-ի ի նպաստ կը խօսի նաեւ  մին բառը, որ միայն-էն  յառաջացած է հետեւեալ ձեւով.  միայն կորսնցուցած է նախ ա անշեշտ մնացած ձայնաւորը, ու դարձած է միյն, իսկ այս վերջինը չէր կրնար գոյատեւել հայերէնի մէջ, քանիհայերէնը կը մերժէ իյ հնչիւնախումբը[2]իյ-ով բառ չունինք՝ բացի իյնալ-էն, որ եզական բացառութիւն մըն է եւ ունի բարբառային աղաւաղ կառոյց մը:

Հետեւաբար  լեզուն հետզհետէ դարմանած է այս խորթութիւնը եւ միյն դարձած է մին: Այս արդիւնքին պիտի չկարենայինք հասնիլ, եթէ  միայն-ի ա ձայնաւորը շեշտակիր ըլլար, քանի որ շեշտակիր ձայնաւորը   չ’անհետանար, մի՛այն անշեշտ ձայնաւորն է որ դատապարտուած է կորուստի: Մինչ անդին ի ձայնաւորը անվթար մնացած է, որովհետեւ շեշտակիր եղած է:

Միայն-ի ի ձայնաւորի շեշտումի մէկ փաստն է նաեւ մինակ  աշխարհաբարեան բառի յառաջացումը, որ գրաբարի մէջ միայնակ էր. սա  իր կարգին կորսնցնելով իր առաջին ա անշեշտ ձայնաւորը՝ տուած է, միյնակ,  որ վերոնշեալ  ծանօթ պատճառով  դատապարտուած էր դառնալու մինակ:

Բերենք վերջին փաստարկում մը եւս՝ աւելին ցանկացողներուն համար:

Միայն-ը գումարն է մի “մէկ” արմատին եւ այն դերանունին, որ կը սկսի այ երկբարբառով:

Այս նոյն արմատով կազմուած է միւս ցուցականը, որ գումարն է մի եւ եւս բառերուն. այս վերջինը  իր կարգին կը սկսի  եւ երկբարբառով: Այս  կը նշանակէ, որ բառս նախապէս եղած է միեւս, որ միւս դառնալու համար՝ կորսնցուցած է ե ձայնաւորը,  որ շեշտազուրկ էր,– ճի՛շդ իրեն համապատասխանող եւ նո ՛յն դիրքի վրայ գտնուող ա-ին պէս,–  եւ պահած է ի ձայնաւորը, որովհետեւ  շեշտակիր  է:

մի՛այնմիյն> մին        եւ        մի՛եւս > միւս

Միեւս-ին եւ միւս-ին դասական արտասանութիւնները աւելի թելադրական են, սակայն հարցը կրնայ ճապաղիլ, ուստի կանգ կ’առնեմ. ասոնք բաներ են, որոնք, աւելի ըմբռնելի դառնալու համար,  պէտք է բերանացի ուսուցուին՝ կենդանի շեշտադրութեամբ:

[1]  Բացառութիւն չէ այս.  ըստ Աճառեանի՝  գրաբարի մէջ գոնեա՛   բայը կը շեշտէր վերջին ձայնաւորը,  մինչ աշխարհաբարի մէջ իմաստ փոխելով՝ ան կը շեշտէ առաջին ձայնաւորը՝ գո՛նէ:

[2] Այս նուիրական կանոնը չի վերաբերիր Ռոպեր Հատտէճեանին, որ  կը գրէ Ալիյեւ. ամբողջ աշխարհի մէջ  ինքը՝ միակը: Ան միակ  հայն է  նմանապէս,  որ   կը գրէ (Այա) Սօֆիա՝ օ-ով: