Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան 100,000 Տոլարով Ընթացք Առաւ Արցախի Ընտանիքներուն Աջակցելու Արշաւը

Հայաստան, Սփիւռք

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը 100,000 տոլարի հատուցումով, ընթացք տուաւ ատրպէյճանական նորագոյն բռնարարքներուն հետեւանքով իրենց տուներն ու ապրուստի միջոցները կորսնցուցած Արցախի քաղաքացիներուն եւ ընտանիքներուն աջակցելու արշաւին։

Նուիրուած գումարը գոյացած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամներուն, համակիրներուն եւ բարերար կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնք անսացին Արցախի ժողովուրդին զօրակցելու շրջանի ՀՅԴի Կեդրոնական կոմիտէի կոչին։ Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը ներկայիս համայնքային այլ միջոցառումներ կը ծրագրէ, պատերազմէն մեծապէս տուժած մեր հայրենակիցներուն անյապաղ յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու նպատակով։

acf_logo-small

Արցախի տեղահանուած ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ զինուորներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն նեցուկ կանգնիլը անցեալ ամիս տեղի ունեցած Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴի 55րդ Շրջանային ժողովին գլխաւոր առաջնահերթութիւնն էր․ հոն միաձայնութեամբ որոշուեցաւ յաւելեալ զօրակցութիւն ցուցաբերել Արցախի բնակչութեան։ Առ այդ, շրջանի ՀՅԴի Կեդրոնական կոմիտէն որոշեց այս նպատակով մօտէն գործակցիլ Հայ Մշակութային հիմնարկութեան հետ, աջակցութեան նախաձեռնութիւնը աւելի ազդու դարձնելու համար։

Միաժամանակ, ՀՅԴի Կեդրոնական կոմիտէն սկսած է ցանկագրելու արցախցիներուն կարիքները եւ մօտիկ ապագային, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան հետ, միացեալ պատուիրակութիւն պիտի առաքէ Արցախ, հաւաքուած գումարները տեղւոյն վրայ բաժնելու եւ այլ աջակցութիւններ յատկացնելու պատերազմին հետեւանքով տեղահանուածներուն, զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։

Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը արդէն իսկ առաքած է տասնեակ հազարաւոր տոլարի արժողութեամբ առարկաներ եւս, ինչպէս՝ ծածկոցներ, վառարաններ, ուտեստեղէն եւ դեղորայք, որոնք տեղ հասած են պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք Հայաստան մեկնած դաշնակցական կամաւորներու միջոցաւ։