Ի Յիշատակ Հրանդ Տինքի՝ Պոլսոյ Քաղաքապետը Թուզլայի Հայկական Որբանոցը Երիտասարդական Կեդրոնի Պիտի Վերածէ

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ համարուող «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (CHP-ԺՀԿ) անդամ, Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն պոլսահայ նշանաւոր գործիչ, «Ակօս» թերթի հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան 14-րդ տարելիցին առիթով գրառում ըրած է Twitter-ի վրայ։

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ ընդդիմադիր գործիչը ոգեկոչած է Հրանդ Տինքի յիշատակը։

Իմամօղլուն յայտնած է, որ Թուզլայի հայկական որբանոցը, ուր անցած է Տինքի մանկութիւնը, պիտի վերածուի «Քամփ Արմէն» ճամբարի երիտասարդական կեդրոնի։ Ան նշած է, որ այդ որոշումը միաձայն ընդունուած է Պոլսոյ աւագանիի նիստին ընթացքին։

Իմամօղլուի տեղեկութիւններով՝ այժմ սկսած են ճամբարի վերականգնման ճարտարապետական նախագիծի աշխատանքները։

Յիշեցնենք, որ «Քամփ Արմէն» հայկական ճամբարը Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող լքեալ ու կիսաքանդ շինութիւն է: 8.552քմ տարածք զբաղցնող «Քամփ Արմէն»ը 1961-ին գնուած էր Հայ բողոքական եկեղեցւոյ հիմնադրամին կողմէ եւ ծառայած էր իբրեւ ամառնային ճամբար` հայկական դպրոցի չքաւոր ու որբ սաներուն համար: Այնտեղ մեծցած են Հրանդ Տինքն ու անոր կինը՝ Ռաքէլ Տինքը: Յետագային, ճամբարը, թրքական իշխանութիւններուն կողմէ, ապօրինաբար խլուած է հայ համայնքէն: