Թիւրքական Խորհուրդը Առաջարկած է 2022-ին «Շուշին Հռչակել Թիւրքական Աշխարհի Մշակութային Մայրաքաղաք»

Աշխարհ, Հայաստան

Թիւրքական խորհուրդը առաջարկած է  2022-ին «Շուշին հռչակել ամբողջ թիւրքական աշխարհի մշակութային մայրաքաղաք»: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, յայտնած է tr.sputniknews.com-ը։

Առաջարկը ներկայացուցած է կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Պաղտատ Ամրէեւը՝ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Թիւրքական մշակոյթի միջազգային կազմակերպութեան գլխ․ քարտուղար Քասէինովի եւ Թիւրքական մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամի նախագահ Կիւնայ Էֆենտիեւայի հետ հանդիպման ընթացքին։

Նշենք, որ խորհուրդը կը միաւորէ Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Ղազախստանը, Ուզպեքիստանը եւ Խըրխըզիստանը ու ամէն տարի կը յայտարարէ թիւրքական աշխարհի մայրաքաղաքի անունը: «Կ՝առաջարկենք Շուշի քաղաքը յայտարարել 2022թ. «մշակութային մայրաքաղաք» եւ այնտեղ իրականացնել բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներ: Ասիկա կարեւոր պիտի դարձնէ Շուշի քաղաքի մշակութային նշանակութիւնը ամբողջ թիւրքական եւ իսլամական աշխարհի համար: Եթէ թոյլ տաք, մենք կը սկսինք այս աշխատանքը, 2022-ին Շուշիի մէջ կ՝իրականացնենք մօտ 20 ձեռնարկ: Համոզուած ենք, որ այդ ժամանակ Շուշին կը վերականգնէ իր նախկին տեսքը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հիշեցնենք, որ 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին ադրբեջանական կողմը մարտական գործողություններ է սկսել Լեռնային Ղարաբաղում և օկուպացրել է դրա մեծ մասը, այդ թվում՝ Շուշի քաղաքը։Աղբյուր` tr.sputniknews.com