Ուժի Ցուցադրում Հայաստանին․ Թուրք-ազրպէյճանական Յառաջիկայ Զօրավարժութիւնը Կարսի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիան ու Ազրպէյճանը Փետրուար 1-12 Կարս քաղաքին մէջ պիտի իրականացնեն համատեղ զօրավարժութիւններ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

«Թուրքիոյ զինեալ ուժերը կը պատրաստուին վերջին շրջանի ամէնէն լայնածիր ձմեռնային ռազմափորձերուն, որոնց պիտի մասնակցին նաեւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը․ պիտի ներգրաւուին հրասայլային ստորաբաժանումներ, արձակազէն խումբեր, յատուկ ուժերու հրամանատարութեան անձնակազմ, յատուկ ուժերու անդամներ եւ ուղղաթիռներ։ Ռազմափորձերուն նպատակն է միացեալ գործողութիւններու ընթացքին ապահովել համագործակցութիւն եւ համակարգում, իրականացնել նոր օգտագործուելու սկսած կամ տակաւին չօգտագործուած զինամթերքի դաշտային փորձարկումներ», կը յայտնէ աղբիւրը:

Կը նշուի, որ զօրավարժութիւններուն նպատակն է համատեղ գործողութիւններու իրականացման ժամանակ ապահովել համագործակցութիւնը եւ համակարգումը, նոր զինատեսակներու դաշտային փորձարկումներ»։

Ըստ Թուրքիոյ իշխանամերձ «Ahaber» լրատուամիջոցին՝ յառաջիկայ այդ զօրավարժութիւնը ուժի ցուցադրում է Հայաստանին։