Արցախցիները Դրմբոնի Ճանապարհը Փակած են՝ Ռուս Խաղաղապահներէն Ճանապարհ Խնդրելով Քարվաճառով Դէպի Վարդենիս

Աշխարհ, Հայաստան

Երբեմնի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող եւ ՀՀ–ն ու Արցախը կապող երկրորդ՝  Վարդենիս–Մարտակերտ (Քարվաճառով) ճանապարհին՝ Արցախի Դրմբոն գիւղի մօտակայքը, արցախցիները երէկ ցոյց ըրած են՝ պահանջելով ռուս խաղաղապահներէն՝ ապահովել Արցախէն Վարդենիս երկարող ճանապարհով բնակչութեան անվտանգ տեղաշարժը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։

Գիւղացիները նշած են, որ Նոյեմբեր 10-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ յստակ նշուած է հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման մասին, սակայն դէպի Վարդենիս ճանապարհը փակ է, որ յայտարարութեան խախտում է, առաւել եւս, երբ ազրպէյճանցիները ազատ կը տեղաշարժուին Արցախի տարածքին մէջ, իսկ հայ բնակչութիւնը չի կրնար անոնց ենթակայութեան տակ յայտնուած տարածքով երթեւեկել։

Քաղաքացիները դիմում յանձնած են ռուս խաղաղապահ առաքելութեան՝ կոչումով զօրավար ներկայացուցիչին՝ խաղաղապահներու հրամանատար Ռուստամ Մուրատովին փոխանցելու համար։

Ցոյցի մասնակիցներէն մէկը նշած է, որ հարազատներուն տեսակցելու համար նախապէս կ՝անցնէին 90 քմ, իսկ այժմ ստիպուած են 500 քմ ճանապարհ անցնիլ։

Քաղաքացիները նաեւ բողոքած են ազրպէյճանցիներու ծաղրական պահուածքէն ամէն անգամ ճանապարներով երթեւեկելու ժամանակ, որուն ի պատասխան ռուս զօրավարը յայտնած է, որ ազրպէյճանցիները արդէն զգուշացուած են, նաեւ խոստացած ու երաշխաւորած է, որ բնակիչներուն բողոքը պիտի հասցուի ղեկավարութեան։