Արցախահայութիւնը Իր Թիկունքին Պէտք է Զգայ 10 Միլիոն Հայութեան Շունչը. Ի. Սաղաթելեան

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Դաոիթ Բաբայեանի հետ քննարկուած են հարցերու լայն շրջանակ։ Ըստ «Երկիր»-ի՝ Արցախ այցի ծիրէն ներս ունեցած պաշտօնական հանդիպումներու արդիւնքներու ամփոփման ժամանակ նշած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան։

Ըստ Սաղաթելեանի՝ հարցերու առաջին խումբը առնչուած է Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան ու ազգաբնակչութեան անվտանգութեան ապահովման, երկրորդը՝ Արցախի կարգավիճակին, երրորդ խումբը՝ Արցախի բնակչութեան առջեւ ծառացած ընկերային – տնտեսական խնդիրներուն։

«Մենք, իբրեւ Դաշնակցութիւն, մէկ անգամ եւս վերահաստատեցինք, որ ՀՅԴ-ն իր համահայկական ողջ կառոյցով եւ հնարաոորութիւններով պատրաստ է ամբողջական եւ գործուն մասնակցութիւն ունենալու այս երեք ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն»,- նշած է ՀՅԴ ՀԳՄ ներկայացուցիչը՝ աւելացնելով, որ Դաշնակցութեան կամաւորները անհրաժեշտ պարագային պատրաստ են կրկին պաշտպանելու հայրենիքի սահմանները։

«Հանդիպումներուն ընթացքին երկուստէք բացառուած է Արցախի կարգավիճակի ամրագրումը Ազրպէյճանի կազմին մէջ։ Ըստ այդմ՝ Արցախի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ յետագայ քննարկումները շարունակելու եւ աշխատանքները համադրելու մասով եւս ձեռք բերուած է լրացուցիչ համաձայնութիւն։

«ՀՅԴ-ն իր համահայկական ողջ ներուժով, Հայ Դատի գրասենեակներով եւ յանձնախումբերով պատրաստ է այս նոր իրավիճակին մէջ լծուելու այդ աշխատանքներուն»,- փաստած է Ի. Սաղաթելեան։

Ընկերային-տնտեսական ուղղութեամբ եւս շարք մը աշխատանքներ կան իրականացնելու, եւ այստեղ եւս Դաշնակցութիւնը պատրաստ է իր մասնակցութիւնը ունենալ։

«Այս փուլին ամենակարեւորը այն է, որ Արցախի բնակչութիւնը իր թիկունքին զգայ 10 միլիոն հայութեան շունչը։ Մենք պէտք է այսօր կանգնինք Արցախի եւ արցախցիի կողքին, եւ ատիկա պէտք չէ ըլլայ խօսք, այլ յստակ գործ։ Մենք պարտուելու իրաւունք չունինք. ժողովուրդը պէտք է ոտքի կանգնի, եւ ատիկա պէտք է տեղի ունենայ համայն հայութեան աջակցութեամբ, համատեղ մշակուած քայլերով»,- նշած է Իշխան Սաղաթելեան։

«Կորսնցնել Արցախը, կը նշանակէ կորսնցնել Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ առհասարակ փակել հայ ժողովուրդի պատմութեան վերջին էջը։ Ով, ով, բայց Դաշնակցութիւնը թոյլ չի տար ատիկա»,- եզրափակած է Իշխան Սաղաթելեան։