Վաղը Տեղի Պիտի Ունենայ «Յիսուս Քրիստոսի Կերպարը XX Դարի եւ Արդի Հայ Արուեստում» Գիրքին Շնորհանդէսը

Այլեւայլ, Հայաստան

«Հայ մշակոյթի միջազգային ասոցիացիա» ՀԿ-ն սիրով կը հրաւիրէ մասնակցելու Սաթենիկ Վարդանեանի «Յիսուս Քրիստոսի կերպարը XX դարի եւ արդի հայ արուեստում» գիրքի շնորհանդէսին եւ արդի հայ նկարիչներու թեմատիկ ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ Յունուար 19-ին՝ ժամը 15: 00-ին, ՀՀ նկարիչներու միութեան մեծ սրահին մէջ:

Շնորհանդէսը պիտի ուղեկցուի Հայաստանի տարբեր պատկերասրահներու եւ մասնաւոր հաւաքածուներու մէջ գտնուող անուանի հայ նկարիչներու (ինչպէս՝ Գ. Բաշինջաղեան, Վ. Սուրենեանց, Գ. Խանջեան, Ս. Փարաջանով եւ այլք)՝ Քրիստոսի պատկերը ներկայացնող ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսով, որ պիտի տեւէ մինչեւ Յունուար 21: Պիտի ըլլան նաեւ երաժշտական համարներ եւ տեղի պիտի ունենայ աւանդական գինեձոնի արարողութիւն:

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի, ԿԳՄՄ նախարարութեան, Երեւանի պետական համալսարանի, ՀՀ նկարիչներու միութեան, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի եւ Ս. Փարաջանովի թանգարանի աջակցութեամբ: