Ամերիկահայեր Մաս Կը Կազմեն Պայտընի Վարչակազմին

Աշխարհ, Սփիւռք

Հայկ Հաճինազարեան նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին մէջ Սպիտակ տան շրջանային հաղորդակցութիւններու բաժանմունքի ղեկավար: Այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահի եւ փոխնախագահի միացեալ հաղորդագրութեան մէջ:

Մեկնաբանելով նոր նշանակումները` Սպիտակ տունէն նշած են, որ անոնք որակաւորուած, ստուգուած եւ փորձառու մասնագէտներ են, որոնք պատրաստ են առաջին օրն իսկ «արդիւնք տալու»:

Ընդհանուր առմամբ յայտարարուած է 215 նշանակումներու մասին, ինչ որ, ըստ հաղորդագրութեան, նոր մրցանիշ է մինչեւ երդման արարողութիւն կատարուած նշանակումներու առումով:

Հայկ Հաճինազարեան Արեւմտեան Փենսիլվենիոյ մէջ Պայտընի նախընտրական արշաւի մամլոյ քարտուղարն էր: Մինչ այդ, ան տեղեկատուական աջակցութիւն կ’ապահովէր ներկուսակցական ընտրութիւններու եւ Նիւ Հեմփշայրի, Նեւատայի, Թեքսասի, Օհայոյի եւ այլ նահանգներու ընդհանուր ընտրութիւններուն ժամանակ:

Պայտընի քարոզարշաւին միանալէ առաջ Հաճինազարեան աշխատած է Քափիթոլ Հիլի մէջ. սկիզբը իբրեւ Ինտիանայէն ծերակուտական Ճօ Տանըլիի մամլոյ քարտուղար, իսկ յետոյ` Ներկայացուցիչներու տան Ներքին անվտանգութեան յանձնախումբի մամլոյ քարտուղարի տեղակալ:

Հաճինազարեան ծնած է Օհայօ նահանգի Քոլումպըս քաղաքին մէջ, լիբանանահայ ներգաղթեալներու ընտանիքի մէջ: Աւարտած է Ինտիանայի համալսարանը եւ Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի Քաղաքական կառավարման բարձրագոյն դպրոցը:

Այլ ամերիկահայ մը` Ճեֆ Մարութեան, Պայտընի վարչակազմին պիտի միանայ իբրեւ նախագահի Կլիմայի եւ գիտական գործակալութեան անձնակազմի հարցերով յատուկ օգնական:

Մարութեան Քոլոմպիա գաւառի փոխադրամիջոցներու բաժանմունքի տնօրէնն է եւ կը ծառայէ Պայտըն-Հարիս փոխանցման խումբին Միացեալ Նահանգներու փոխադրամիջոցներու գործակալութեան վերատեսութեան խումբին մէջ:

Նախքան 2017-ին կառավարիչ Մուրիըլ Պաուսըրի նախարարաց խորհուրդին մաս կազմելը, Մարութեան ծառայած է Օպամա-Պայտըն վարչակազմին մէջ եւ պաշտօններ վարած Միացեալ Նահանգներու փոխադրամիջոցներու բաժանմունքին մէջ` իբրեւ Սպիտակ տան կապը, վարչակազմի հարցերով օգնական պետական քարտուղար եւ կենսունակութան աւագ պատասխանատու:

Ան ծնած է Նիւ Ճըրըզի եւ աւարտած Ուաշինկթընի «Ճորճ Ուաշինթըն» համալսարանը: