Որպէսզի Վերացնենք Յուսալքութեան Եւ Յուսախաբութեան Զգացողութիւնը Մեր Հաւաքական Գիտակցութեան Մէջէն. Ժագ Յակոբեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Անցեալ տարին նշանաւորուեցաւ մեր` հայոց պատմութեան ամէնէն ահաւոր պարտութեան տարին ըլլալու երեւոյթով: Այս կարճ անդրադարձին մէջ պիտի չխորանանք արցախեան վերջին պատերազմին ընթացքին արձանագրուած զինուորական թէ քաղաքական պարտութեան դրդապատճառներուն մէջ: Անոնց մասին արդէն բաւական մելան հոսած է հայկական մամուլին մէջ, պատերազմի ընթացքին վերլուծումը մանրամասնօրէն կատարուած է լսատեսողական լրատուամիջոցներուն կողմէ, քաղաքական թէ հասարակական գործիչները բաւական խօսած են պատերազմի տխուր ելքին մասին:

Հիմա մեզի համար` իբրեւ հայութեան, ամէնէն կարեւորը այն է, թէ ինչպէ՛ս պիտի դիմակալենք այս մեծ ցնցումին յաջորդած հետեւանքներուն ցաւը: Կայ Արցախի մնացորդաց մը միայն` անորոշ կարգավիճակով եւ կտրատուած սահմաններով, կան յուսալքուած զինեալ ուժեր, որոնց վերակազմաւորման պէտք է ձգտիլ անյապաղ, կան հազարաւո՛ր զինուոր  եւ կամաւոր նահատակներ, կան նաեւ հազարաւոր գերիներ, անհետ կորսուածներ, վիրաւորներ եւ հաշմանդամներ, իրենց զաւակները կորսնցուցած ծնողներ, այրիացած կիներ, որբացած մանուկներ: Կան հազարաւոր տեղահանուածներ նաեւ, որոնց աչքերուն առջեւ կրկնուեցան Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին կիրարկուած հայրենազրկումի մեթոտները:

Մէկն ալ միտքին ծայրովը չէր նախատեսեր, որ 21-րդ դարուն հայութիւնը դարձեալ հայրենազուրկ, դարձեալ հողազո՛ւրկ կը դառնար- մէկ կողմէ զինեալ ուժերու` պատերազմին անպատրաստ ըլլալուն, իսկ միւս կողմէ` ղեկավարութեան ու ղեկավարի անճարակութեան եւ ամէն ինչ յանձնելու պարտուողական մօտեցումներուն պատճառով: Աւելի՛ն. ընդամէնը գրիչի մէկ շարժումով, մէկ ստորագրութեամբ թշնամիին յանձնուեցան տարածքներ, որոնք պատերազմական աշխուժ գործողութիւններու աշխարհագրութեան մէջ չէին ներառուած: Թշնամիին յանձնուեցան նաեւ կրօնական-մշակութային պատմական յուշարձաններ, ուր առանց ռուս խաղաղարար ուժերու ներկայութեան` կարելի չէ այլեւս հասնիլ: Տակաւի՛ն, չխօսինք Արցախի գոհար, Արցախի մշակոյթի եւ արուեստներու կեդրոն Շուշիի բռնագրաւման մասին, որուն շուրջ բաւական մեծ հարցականներ կան: Այդ ինչպէ՞ս թշնամիները կրցան հասնիլ հոն, ո՞ր ճամբով կրցան հասնիլ այդտեղ, չէ՞ որ քաղաքը անառիկ էր: Շուշին, որուն տիրացողը կը տիրէր ամբողջ Արցախին:

Կոտրուած է մեր ժողովուրդին ողնաշարը: Կոտրեցին: Հայոց բանակը, հայ զինուորները չէին պարտուողները: Պարտուածը քաղաքական ղեկավարութիւնն էր` Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ: Բայց նաեւ մենք պարտուեցանք, որովհետեւ տարիներ շարունակ չկրցանք նախատեսել, որ թշնամիին կողմէ հետեւողական զինուորական պատրաստութիւնները այսպիսի աղէտալի պատերազմի պիտի յանգեցնէին` անոր բոլոր աշխարհաքաղաքական` հայութեան համար աննպաստ հետեւանքով:

Հիմա կարեւորը այն է, որ գիտակցինք, թէ ի՛նչ եղաւ, գիտնանք խորաչափել պատահածին ահաւորութիւնը մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ բնակող հայութեան ոգին համակուած է յուսալքութեամբ ու յուսաբեկումով: 9 նոյեմբերին ստորագրուած պարտուողական ու յանձնուողական յայտարարութենէն ետք նահանջի քայլերը տակաւին կը շարունակուին` այս անգամ ուղղակի սպառնալիքներ ստեղծելով նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան դէմ:

Բարեբախտաբար, սակայն, ամէն ինչ վերջ չէ գտած: Մենք, ազգովին, հիմնուելով մեր հաւաքական ուժին վրայ, տակաւին կրնանք շրջել նահանջի անիւը, կանխել թաւալգլոր ընթացքը` անշուշտ նախ վերացնելով մեզ պարտուողական այս վիճակին հասցուցած խոչընդոտները:

Նոր չէ, որ հայութիւնը կ՛ապրի գերյուսահատական պահեր: Գոնէ վերջին 125 տարուան ընթացքին հայոց պատմութիւնը յատկանշուած է պարտութիւններու, ջարդերու, եղեռններու, աղէտներու շարքով: Բայց ամէն անգամին ալ հայութիւնը ինքն իր մէջ ուժ գտած է վերյառնելու, աւելի հզօր ձեւով շարունակելու իր քաղաքակրթական առաքելութիւնը մարդկութեան պատմութեան մէջ: Այսպէս եղած է 1896¬ին Վանի մարտական ուժերու (մեծաւ մասամբ արմենական) ջարդէն ետք, երբ Խանասորի արշաւանքը բարձրացուց կորովը յուսալքութեան ճիրաններուն մէջ տուայտող հայութեան: Այսպէս եղաւ Հայոց ցեղասպանութենէն երեք տարի ետք, երբ 6 դարերու պետականազուրկ գոյութենէ ետք հայութիւնը վերականգնեց իր ազգային պետականութիւնը: Այսպէս եղաւ նաեւ Հայաստանի պետականութիւնը: Այսպէս եղաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումէն հազիւ քանի մը ամիս ետք, երբ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն ամրագրեց հայութեան կամքը` ապրելու ազատ եւ անկախ:

Վստահ ենք, որ այս արհաւիրքն ալ պիտի անցնի հայրենի հողին վրայէն: Եւ յուսալքութեան ու յուսաբեկման զգացողութիւնը վերացնելու համար հայութեան հաւաքական գիտակցութենէն, անհրաժեշտ է դրական ցնցում մը, որ սկիզբը պիտի դառնայ մեր ազգային նոր վերազարթնումին, ազգային վերանորոգչական նոր շարժումին: Ասոր համար անհրաժեշտ է մեր ազգային արժեհամակարգով ու հաւատքով վերազինում, ինչպէս նաեւ իրական միասնականութեան հաստատում հայութիւնը բաղկացնող զանազան հատուածներուն միջեւ, անկեղծ համագործակցութիւն` հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ: