Արդարութեան Եւ Իրաւունքի Մասին Աղմկող Միջազգային Հանրութիւնը Ի՞նչ Կ’ըսէ, Ի՞նչ Պիտի Ըսէ. Յ. Պալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յաղթականի եւ նուաճողի բրտութեամբ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը յայտարարէ, որ Ղարաբաղի հարցը այլեւս պատմութիւն է:

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութiւնը մնացել է անցեալում…

            Պէտք է լսել: Հասկնալ՝ թէ ո՞ւր կը հասնինք :

Ինչպէ՞ս Արցախի հարցը կ’ըլլայ անցեալ, երբ կայ ժողովուրդ, կայ պատմութիւն, կայ իրաւունք, կայ նախայարձակման ոճիր, ցեղասպանութիւն եւ մշակութասպանութիւն:

            Իլհամ Ալիեւ դռները կը փակէ խաղաղ կոչուած բանակցութիւններու, ժողովուրդներու իրաւունքի եւ պատմական ճշմարտութեան առջեւ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ համայն հայութեան, ինքզինք յարգող միջազգային համայնքի եւ արդարութեան հաստատման իրաւարարութեան կոչուած պետութիւններու, մանաւանդ՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, եւ անոր հունով՝  Եունեսքօ-ի (Մ․Ա․Կ․-ը՝ կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի համար) դերը եւ վերաբերումը:

            Հանդիսատե՞ս պիտի մնան, թէ՞ իրաւունք եւ արդարութիւն պիտի վերականգնեն:

            Եթէ Ղարաբաղի հարցը այլեւս պատմութիւն է, ինչպէ՞ս պիտի բացատրուի Արցախի ժողովուրդի իրաւունքի կորուստը, իրաւունք՝ որ կը հաստատուի ՀԵՏՔերով, կոթողներ, սրբավայրեր, պատմագիրներու մատեաններու մէջ յիշատակութիւններ, որոնց մէջ ո՛չ ազերիի ո՛չ ալ թուրքի յիշատակութիւն կայ: Ի՞նչ կ’ըսեն ճարտարապետական ուսումնասիրութիւնները… Կոթողները դեռ կանգուն են, անոնք դեռ չեն քանդուած, կրնան նաեւ վաղը քանդուիլ, ինչպէս այդ ըրին Նախիջեւանի մէջ:

            Իլհամ Ալիեւ կը հետեւի իր երէց եղբօր՝ Թուրքիոյ բռնագրաւողի քաղաքականութեան: Քանի որ Մ․Ա․Կ․-ը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, Եւրոպան, Ամերիկան, Ռուսիան, Չինաստանը, Ֆրանսան եւ բոլոր միւսները Հայոց մայրաքաղաք Անին, հայկական թագաւորութեան տաճար Աղթամարի ս. Խաչ եկեղեցին թրքական սեփականութիւն կը համարեն,  կատարուած իրողութիւնը՝ իրաւունք, պատճառ չկայ որ ինք ալ նոյնը ընէ Արցախի եկեղեցիներուն եւ սրբավայրերուն համար, կամ պարզապէս ականահարէ: Կրկնենք. նախընթացը կայ:

            Եւ կը ծագի հարցումը. իրաւարարները, համանախագահները, քաղաքակրթութիւններու պաշտպանները, եւ բարի կամքի տէր բոլոր մարդիկ, պիտի լռե՞ն, երբ կ’ըսուի, որ Ղարաբաղը պատմութիւն է… Հէքիաթ…

            Միթէ՞ Մ.Ա.Կ.-ը եւ անոր ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴը խաղաղեցումներու,- ոչ խաղաղութեան,- գինը հայերո՞ւն վճարել պիտի տան: Այսպէ՞ս կ’ըմբռնուի եւ կը տնօրինուի արդարութիւնը: Իրե՞նք ալ մասնակից պիտի ըլլան հայկական իրաւունքին վրայ տապանաքար դնելու ոճիրին:

            Եթէ հզօր դաշնակից մը ունենայինք…:

            Եթէ մեր անմիջական բարեկամ եւ դաշնակից Ռուսիան, անկախաբար իր շահերէն, տիրութիւն ընէր հայկական իրաւունքին, մեր պատմութիւնը կը մտնէր իր հունը: Եթէ Ռուսիան այդ տիրութիւնը ընէ, կրնայ վստահ ըլլալ, որ հայութեան բարեկամ մեծ եւ պզտիկ ժողովուրդներ կը հետեւին իրեն: Կը ստեղծուի արդար դատի մը շուրջ միջազգային համախոհութիւն:

            Բայց ինչ որ կ’ակնկալենք բարիկամեցողութիւն է, քաղաքականութիւն չէ:

Հայոց իրաւունքի քաղաքական միջազգայնացումը նախ համայն հայոց գործն է: Այս համայն հայոցը միշտ մնացած է ցանկութիւններու ապակեդարարանի ետին: Այն օրը երբ կը համոզուինք եւ կը գործենք համայն ազգի իրաւատիրութեամբ եւ պարտաւորութեամբ եւ կը փորձենք ունենալ խօսակիցներ եւ դաշնակիցներ, գութի եւ խօսքի ճապկումներու ջրապտոյտէն դուրս կը բերենք ազգը:

            Արդէն 31 տարիներ անցած են Պաքուի հայ ազգաբնակչութեան ջարդերէն եւ տեղահանութենէն: Բայց ոչ մէկ տեղ այդ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրը օրակարգ է: Ռուսիան, որ կը հանդիսանայ հայ-ազրպէճանական հակամարտութեան գլխաւոր իրաւարարը, ինք ալ ձայն-ծպտուն չի հաներ: Ձայն չի հաներ նաեւ միջազգային համայնքը:

Ո՞ւր գացին Պաքուի 300.000 հայերը:

Ո՞ւր դատուեցան Սումկայիթի ցեղասպան ոճրագործները:

            Կ’արծարծե՞նք հարցը եւ կը լսե՞ն հարցումը:

            Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս տէր կը կանգնի, պիտի կանգնի անոնց մարդկային, նիւթական եւ մշակութային իրաւունքներուն: Հոն ալ պետութիւնը իւրացուցած է հայոց հարստութիւնը, ինչպէս դար մը առաջ այդ եղած էր Թուրքիոյ մէջ:

            Ոչ Ռուսիան, ոչ Ամերիկան, ոչ Եւրոմիութիւնը, Պաքուի 300.000 տեղահանուած հայերու նիւթական եւ մշակութային իրաւունքները օրակարգ կը դարձնեն: Այդ չընելով հարիւրհազարաւոր մարդոց դէմ գործուած չարիքին մեղսակից կը դառնանԴարձած են:

            Հարցը մեզի համար մնայուն օրակարգ պէտք է ըլլայ: Այսպէս կոչուած Եռակողմ ժողովներուն ինչո՞ւ չի ներկայացուիր հարցը: Օրակարգ չ’ըլլար, քանի որ մենք դադրած ենք այդ մասին խօսելէ, ոչինչ կ’ընենք զայն պահելու համար միջազգային կիզակէտի վրայ:

            Ի վերջոյ միջազգային օրէնքներուն մէջ տեղ մը յիշատակութիւն պէտք է ըլլայ նման ոճիրի մը համար դատական հետապնդումի ձեռնարկելու: Հայաստան եւ սփիւռքներ այնքան իրաւագէտներ ունինք: Ինչո՞ւ ամբաստանգիրը չեն կազմեր եւ չեն դիմեր միջազգային ատեաններու: Ամերիկայի մէջ չկա՞յ Federal Judge մը պատասխանատուութեան կանչելու համար Ազրպէյճանի դեսպանատունը եւ հիւպատոսարանները, որպէս ոճիրի մեղսակիցներ:

            Կը յաղթահարե՞նք տխրադէմ նախագահի մը ազգավնաս եւ պառակտող վարքագիծը, որ կը յայտարարէր, որ Հայաստանի հարցերը կ’որոշուին Հրազդանի ափինՈ՞ւր կ’որոշուին Անիի, Աղթամարի, Արցախի եւ Սփիւռք(ներ)ի տասնըհինգ միլիոն հայերու ժառանգութիւն իրաւունքներու խնդիրները:

            Եթէ հայը քաղաքական նենգութիւններու հետեւանքով կը բնակի Հոնոլիւլիւ կամ Քամչաթքա, չի նշանակեր որ իրաւունքներ չունի, իր իրաւունքներէն հրաժարած է:

            Հռչակաւոր հռոմէացի Սենեկան (Sénèque, Ք.Ա. առաջին դար) ըսած է. «Առաջքը չառնել ոճիրին երբ այդ ուժը ունինք, անոր մեղսակից ըլլալ է»:

            Անվարա՛ն, այս կարգախօսով պէտք է հրապարակ գալ, նոյնիսկ եթէ խանգարող կամ ցնորամիտ պիտի համարուինք:

            Կառավարութիւններէն ու ղեկավարութիւններէն անդին պէտք է խօսք ուղղել ժողովուրդներուն եւ անոնց մտաւորականութեան:

            Այսինքն ներազգային տրտունջը դարձնել միջազգային հանրային կարծիք:

            Միջոցները ստեղծել ոչ-պատահական ձեւերով եւ ոչ-սիրողականութեամբ:

            Միջոցները օգտագործել նպատակասլաց կերպով եւ միշտ գործը վստահելով ոչ թէ ամլացած եւ ամլացնող էսթէպլիշմընթին, կամ ԽԾԲ-ին (խնամի-ծանօթ-բարեկամ), այլ ճիշդ մարդուն, ինչ որ կ’ըլլայ յաջողութեան երաշխիք:

            Այս պէտք է ընել այսօ՛ր: Ժամանակի անիւը ի նպաստ մեզի չի դառնար:

            Մանաւանդ՝ բնակիլ հողին վրայ, բազմանալ եւ տէր ըլլալ: