ՀԱՅՐԵՆԻՔ–ՍՓԻՒՌՔ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստան, Սփիւռք

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,Մեր Հայրենիքը ճգնաժամային իրավիճակի մէջ է, իսկ վերջին իրադարձութիւններուն պատճառով Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները կը կորսնցնեն իրենց կենսունակութիւնը։Մենք՝ Հայրենիք-Սփիւռք առկայ յարաբերութիւններով մտահոգ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մտաւորականներս, հասարակական գործիչներս կը համախմբուինք՝ համազգային համերաշխութեան եւ միասնութեան մթնոլորտի կարգաւորման համար անհրաժեշտ հարթակ ստեղծելու նպատակով եւ կը յայտարարենք «Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման նախաձեռնութիւն» ստեղծելու մասին։Մեր նպատակն է՝-Նպաստել Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու արդիւնաւէտ զարգացման, Հայաստանի հասարակական-քաղաքական օրակարգէն ներս անոր պատշաճ ներկայացման։-Բարձրացնել Հայաստան–Սփիւռք գործակցութեան ոլորտէն ներս առկայ խնդիրները, հանդէս գալ անոնց լուծման գործնական առաջարկներով, ծրագրերով եւ կառուցակարգերով։Նախաձեռնութեան կրնան միանալ բոլոր անոնք, որոնք կը կիսեն մեր մտահոգութիւններն ու պատրաստ են աջակցելու մեր նպատակներու իրագործման։Միանալու համար կը խնդրուի լրացնել սոյն ձեւաթուղթը։

Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացմաննախաձեռնող խումբ

Ատոմ Մխիթարեան

Էւելինա Պաղտասարեան

Նայիրի Մկրտիչեան

Մհեր Յովհաննիսեան

Լեւոն Լաճիկեան

Էդգար Յովհաննիսեան

Անահիտ Զոհրապեան

Նախաձեռնութեան facebook