Սիւնիքը Ազերի-թուրքի Ճաշասեղանին… Ս. Մահսէրէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայաստանի գրեթէ պաշտօնական պատկերասփիւռի կայանը՝ Հ-1 (Հանրային կայան անունով) Հինգշաբթի օր հաղորդեց սեպտեմբերեան պատերազմով սկսած եւ նոյեմբերեան յայտարարութեամբ «պաշտօնականացած» ողբերգութեան մէկ նոր էջը, որ պարզագոյն բառերով կ’ըսէ, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները ինքնամատոյց կերպով Սիւնիքը դրած են Ազրպէյճանի ու անոր «երէց եղբօր»՝ Թուրքիոյ ճաշասեղանին, անոնք ալ սկսած են մեր հայրենիքին հարաւային շրջանը լափել պատառ-պատառ: (Ի դէպ, լրատու այլ աղբիւներ ալ հաղորդեցին նոյն լուրը. անոնք կը կոչուին ընդդիմադիր):

Լուրը հետեւեալն է. պաշտպանութեան նախարարութիւնը թելադրած է բանակայիններուն՝ քաշուիլ սահմանային կարգ մը դիրքերէ եւ զանոնք զիջիլ ազերիներուն: Ղափանի քաղաքապետը հաստատեց լուրը, մանրամասնելով, որ այսպէսով, սահմանամերձ քանի մը գիւղ իրողապէս կը պաշարուին ազերիներուն կողմէ, ըսել կ’ուզէր՝ անոնց բնակիչներուն համար անտանելի վիճակ կը ստեղծուի եւ անոնք ստիպուած պիտի ըլլան վաղը-միւս օր հեռանալ իրենց պապենական հողերէն: Տակաւին, շրջանի կարգ մը ճամբաները կ’անցնին ազերիներու «վերահսկողութեան տակ» (որ թարգմանի՝ ազերիները կը գրաւեն այդ ճամբաները), ազերիները միակողմանի կերպով կը գծեն սահմանները, խեղաթիւրելով պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն, ու պաշտօնական Երեւանը կը մնայ լուռ դիտող…:

Շրջանի բնակիչները կը բողոքեն, սակայն ո՛չ իրենց ձայնը լսող կայ, ո՛չ ալ օգնութեան ձեռք երկարող: Խնդրոյ առարկայ ճամբաներուն եւ գիւղերուն մասին որեւէ նշում չկայ 10 Նոյեմբերի համաձայնագիրին մէջ: Կառավարութիւնը յայտնապէս այս գրաւումներուն նկատմամբ ալ որդեգրած է «խաղաղապաշտ» կրաւորականութեան այն կեցուածքը, որ կը ցուցաբերուի Արցախի մէջ պատառ-պատառ խլուած հողերուն եւ բազմատասնեակ նոր գերեվարուած զինուորներուն առնչութեամբ:

Երեւանի մէջ, կառավարութեան ու անոր պետին հրաժարականին պահանջով ցոյցերը կը շարունակուին: Տասնեակ հազարաւորներ ամէն օր ահազանգ կը հնչեցնեն արձանագրուած եւ շարունակուող կորուստներուն մասին: Կառավարութիւնը կը մնայ… անսասան՝ իր պարտուողականութեան ճամբուն մէջ: Անդին, Թալինի մէջ, քանի մը տասնեակ քաղաքացիք Ն. Փաշինեանի ի նպաստ ցոյց կը կատարեն եւ լայն արձագանգ կը գտնեն նոյն կայանէն…: Սիւնիքի՝ Ղափանի, Գորիսի եւ այլ քաղաքներու-գիւղերու բնակիչները արդէն իրենց մորթին վրայ կը զգան կառավարութեան կողմէ անպաշտպան ձգուած ըլլալու ցաւը: Բնականաբար ո՛չ ոքի միտքէն կ’անցնի մաղթել՝ որ թալինցիք ալ իյնան նոյն վտանգին տակ, որպէսզի անդրադառնան, տեսնեն եւ իրենց մորթին վրայ զգան, թէ Փաշինեան իր տխրահռչակ ստորագրութեամբ ինչպիսի՛ «պարգեւներ» բերաւ Հայաստանին ու Արցախին, այդ համաձայնագիրով չնախատեսուած ինչպիսի՜ «բարիքներ» բաժին կը հանուին նոյնինքն Հայաստանին, որուն հողերուն ամբողջականութեան պահպանման համար երդում տուած է վարչապետը, եւ քանի մը օր առաջ կը յոխորտար, թէ սահմաններն ու հողերը կը պաշտպանուին: Այդ խօսքերը առիթ տուին մտածելու, որ ան ձեռքերը վերջնականապէս լուացած է Արցախէն, որուն ապահովութեան երաշխաւորն էր Հայաստան՝ աւելի քան 25 տարիէ ի վեր: Հիմա յայտնապէս Սիւնիքն ալ դրուած է Արցախի ցանկին վրայ:

…Կ’երեւի թէ Փաշինեանի հանդէպ համակիրներու հաւատարմութիւնը աւելի՛ կարեւոր է, քան Հայաստանի ու Արցախի կորուստը: Բայց մեր ժողովուրդը ի վերջոյ միահամուռ պիտի արթննայ եւ թոյլ պիտի չտայ, որ կրկնուի «աւերակներու վրա՞յ պիտի թագաւորեմ»ը…