6500 Տոլարի Աջակցութիւն Արցախէն Տեղահանուածներուն

Հայաստան, Սփիւռք

Վեն Նայսի Ս․ Պետրոս եկեղեցւոյ Երիտասարդականին նախաձեռնութեամբ կարելի եղած է 6500 տոլար հաւաքել՝ աջակցելու համար թրքական եւ ատրպէյճանական յարձակումներուն հետեւանաքով Արցախէն տեղահանուած հայորդիներուն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։

Երիտասարդականին անդամներէն Նարեկ Ղուկասեան անցեալ շաբաթ արաջնորդարան այցելելով, գումարը յանձնեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին, որ դրուատեց հայրենիքի իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն զօրակցելու Երիտասարդականին օրինակելի այս քայլը։