Ղազանչեցոցի Ռմբակծումը Պատերազմական Ոճիր Կրնայ Համարուիլ. Human Rights Watch

Աշխարհ, Հայաստան

Մարդկային իրաւանց պաշտպան Human Rights Watch միջազգային կազմակերպութիւնը 16 Դեկտեմբերին յայտարարեց, թէ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը 8 Հոկտեմբերին Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին երկու անգամ ռմբակոծեցին՝ ծրագրուաած կերպով` խախտելով պատերազմի միջազգային կանոնները:

«Մշակութային կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այս եկեղեցին ծրագրուաած կերպով  թիրախ ընտրուած էր, հակառակ այն հանգամանքին, որ որեւէ ապացոյց չկայ, որ կառոյցը ռազմական նպատակներով օգտագործուած է», կ՛ըսուի կազմակերպութեան հրապարակած զեկոյցին մէջ:

«Եկեղեցւոյ հասցուած երկու հարուածները, որոնցմէ երկրորդը կատարուած է այն պահուն, երբ քաղաքացիներ եւ լրագրողներ հաւաքուած էին հոն, դիտաւորեալ բնոյթ ունին», նշեց Human Rights Watch-ի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով տնօրէն Հիւ Վիլամսոն՝ աւելցնելով․ «Այս յարձակումները պէտք է անաչառ քննութեան առարկայ դառնան, իսկ հեղինակները ենթարկուին պատասխանատւութեան»:

Զեկոյցը կարելի է կարդալ https://www.hrw.org/news/2020/12/16/azerbaijan-attack-church-possible-war-crime կայքէջին վրայ։