Յունական Մարդասիրական Կազմակերպութիւններ Հայաստանի եւ Արցախի Կողքին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին օ­րէն սկսեալ հա­մա­տա­րած ե­ղաւ ­Յու­նաս­տա­նի հան­րա­յին կար­ծի­քի եւ ամ­բողջ ըն­կե­րու­թեան հե­տաքրք­րու­թիւնն ու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խին հա­մար։ Ա­թէն­քի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի, ­Կեդ­րո­նա­կան եւ ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին, ինչ­պէս նաեւ կղզի­նե­րուն մէջ մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ՝ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու դի­մե­ցին գործ­նա­կան ձե­ւով մեր ժո­ղո­վուր­դին սա­տար կանգ­նե­լու նպա­տա­կով։ Ի­րե­րու, դե­ղօ­րայ­քի եւ տար­բեր տե­սա­կի անհ­րա­ժեշտ հա­գուս­տե­ղէ­նի նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րու շատ մեծ քա­նակ մը ար­դէն հա­սած է մեր ա­կումբ­նե­րը, ­Հա­յաս­տան փո­խադ­րո­ւե­լու պատ­րաստ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»-էն։

­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 2 ­Դեկ­տեմ­բե­րի կէ­սօ­րին, յու­նա­կան «Αλληλεγγύη για Όλους» (­Հա­մե­րաշ­խու­թիւն բո­լո­րի հա­մար) մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գրա­սե­նեակ այ­ցե­լե­ցին, ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լու հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ օգ­տա­կար հան­դի­սա­նա­լու գործ­նա­կան քայ­լե­րու մա­սին ա­ռա­ջարկ­ներ ներ­կա­յաց­նե­լու նպա­տա­կով։

Ընդ­հա­նուր զրոյց ծա­ւա­լե­ցաւ ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կի եւ դի­մագրա­ւո­ւած դժո­ւա­րին կա­ցու­թեան շուրջ, տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցո­ւե­ցան կազ­մա­կեր­պու­թեան կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին եւ նախ­նա­կան ծրա­գիր մը ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ, որ բա­ցի ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն մե­զի տրա­մադ­րո­ւող մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան ի­րե­րու հա­ւա­քու­մէն, բժշկա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան եւ այլ բնոյ­թի ա­պա­գա­յի կա­րե­ւոր նա­խա­գի­ծեր կը նե­րառ­նէր։

­Հան­դի­պու­մին ներ­կայ ե­ղան ՍԻՐԻԶԱ կու­սակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր ­Քոս­թաս ­Մար­քու՝ Ա­խա­յիա շրջա­նի ե­րես­փո­խան, Մի­խա­լիս Իտ­րէոս՝ «Ա­լի­լե­կիի» կազ­մա­կեր­պու­թեան  տնօ­րէն, ­Նէոք­լիս Եոր­ղո­փո­լուս՝ ­Փաթ­րա­սի հա­մալ­սա­րա­նի բժշկա­գի­տու­թեան դա­սա­խօս, ­Լե­նա ­Քու­յէա՝ «Ա­լի­լե­կիի» կազ­մա­կեր­պու­թեան ըն­կե­րա­յին բժշկա­րա­նի ան­դամ, Խ­րիս­թոս Փ­րո­վե­զիս եւ ­Փա­նա­յիո­թիս Ի­քո­նո­մո­փո­լուս՝ ան­դամ­ներ եւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ըն­կեր­նե­րը։