«Առածանի» Ցուցահանդէսը Կը Ներկայացնէ Հայկական 100 Ասացուածքներու՝ 100 Հայ Նկարիչներու Պատկերազարդումները

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութեան աջակցութեամբ՝ Հայաստանի նկարիչներու միութիւնը կ՝իրականացնէ  «Առածանի» արտ-նախագիծի խմբակային ցուցահանդէսը, որուն ծիրէն ներս կը ներկայացուին հայկական
100 ասացուածքներու՝ 100 հայ նկարիչներու պատկերազարդումները: Ցուցադրութեան բացումը, Նկարիչներու միութեան մեծ դահլիճին մէջ, տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 5-ին, եւ անիկա պիտի գործէ մինչեւ Դեկտեմբեր 10:

ԿԳՄՄՆ–ն մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ «Սարեր» մշակութային ՀԿ-ի նախագահ-համահիմնադիր, «Առածանի» արտ-նախագիծի հեղինակ Էռնա Ռեւազովայի խօսքով՝ «Առածանի»-ն հայոց աշխարհի բոլոր ծայրերէն հաւաքուած աւելի քան 2000 ասացուածքներն են, որոնցմէ ընտրուած են 100-ը, եւ հայ նկարիչներուն առաջարկուած է պատկերազարդել զանոնք: Հայ ժողովուրդի՝ հազարամեակներու քննութիւնը անցած պատգամները ուսումնասիրած, հաւաքած եւ նախորդ դարակիսուն հրատարակած է Արամ Ղանալանեանը իր «Հայկական առածանի» ժողովածուին մէջ, որուն անուանումն ալ փոխառուած է արտ-նախագիծին համար։

«Մենք բոլորս գիտենք եւ կը գործածենք այդ ասացուածքները։ Երբեմն հեգնական, յաճախ զուարճալի այդ թեւաւոր խօսքերը մեր ժողովուրդի իմաստութեան ցուցանիշն են։ Հայկական ասացուածքներու աշխարհը հարուստ ու բազմազան է, նաեւ՝ շատ ցայտուն։ Նախագիծի ներշնչանքին աղբիւրը հոլանտացի վարպետ Փիթըր Պրէյկըլ Աւագի «Գլխիվայր աշխարհը» ստեղծագործութիւնն է, ուր արուեստագէտը ներկայացուցած է աւելի քան հարիւր ֆլամանտական առած-ասացուածք»,- կը նշէ  նախագիծին հեղինակը:

Նախագիծին մասնակցած են շատ տարբեր նկարիչներ՝ յայտնի եւ ոչ այնքան, միութեան անդամ հանդիսացող եւ անկախ արուեստագէտներ, աւագ եւ երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներ։ Ամէն մէկը իւրովի պատկերած է իրեն բաժին հասած ասացուածքը։