Քիմ Քարտաշեան Կը Ջատագովէ Արցախցի Երեխաներուն Համար Տօնական Նուէրներ Հաւաքելու Արշաւը

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Քիմ Քարտաշեան Եջչբզըըտ-ի իր էջին միջոցով կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի եւ Պըրքլիի մասնաճիւղներուն մէջ գործող «Ծածուկ ճանապարհ նախաձեռնութիւն» (Hidden Road Initiative) կազմակերպութիւնը նախաձեռնած է նուէրներ հաւաքելու արշաւի մը, որուն նպատակն է աջակցութիւն տրամադրել Արցախի տեղահանուած բնակիչներուն:

«Տօնական ուսապարկեր Արցախի համար» կոչուող նախաձեռնութեան նպատակ է՝ ուրախութիւն պարգեւել արցախեան պատերազմին պատճառով տեղահանուած երեխաներուն:

Նախաձեռնութեան մասնակցելու համար այցելել www.hiddenroadinitiative.org կայքը։