ՀՅԴ Երիտասարդները Եռագոյն Դրօշ Պարզեցին Հանրապետութեան Հրապարակին Մէջ

Հայաստան

Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով ցուցարարները եռագոյն դրօշ պարզեցին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ, որպէսզի, ըստ իրենցմէ մէկուն արտայայտութեան, Նիկոլ Փաշինեանն ու իշխանութիւնները իրենց նստած տեղը աւելի վատ զգան իրենք իրենց։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԵՐԿԻՐ»-էն։

Մինչ այդ անոնք բանակցեցան ոստիկաններու հետ, որոնք միջանցք բացին՝ ապահովելով ցուցարարներուն անցումը հրապարակի կեդրոն։

ՀՅԴ ՀԵՄ անդամ Արսէն Մարտոյեան բարձրախօսով յիշեցուց, որ ասկէ քանի մը օր առաջ ՀՅԴ երիտասարդները փորձած էին ծածանել ՀՀ խորհրդանիշ եռագոյն դրօշը, բայց իշխանութիւններուն հրահանգով ձերբակալած էին իրենց։

Ան նշեց, որ իրենք՝ իբրեւ հայ երիտասարդներ, կը խոստանան, որ ապագայ Հայաստանի մէջ՝ առանց Նիկոլ Հայաստանի մէջ, պիտի չըլլան սեւեր ու սպիտակներ, պիտի ըլլան մարդիկ, որոնք իրենց գործողութիւնները պիտի իրականացնեն յանուն եռագոյնի խորհուրդի եւ պիտի ըլլան միասնական։

Ապա անոնք երգեցին «Մեր հայրենիք» օրհներգը եւ վանկարկեցին՝ «Նիկո՛լ, հեռացիր»։