Ատրպէյճան Հաստատեց Հայաստանի Հետ Ռազմագերիները՝ «Բոլորը Բոլորի Դիմաց» Սկզբունքով Փոխանակելու Մտադրութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճան հաստատեց Հայաստանի հետ ռազմագերիները` «Բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով փոխանակելու մտադրութիւնը: Վկայակոչելով «Թասս» լրատուական գործակալութիւնը՝ Tert.am-ը կը հաղորդէ, թէ այս մասին կ՛ըսուի Ազրպէյճանի Ռազմագերիներու եւ անհետ կորսուած անձերու հարցերով զբաղող պետական յանձնաժողովի յայտարարութեան մէջ:

«Ազրպէյճան կողմնակից է գերիներու եւ պատանդներու` «Բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով փոխանակման»,- կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Մինչ այդ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը յայտնած էր, թէ Ղարաբաղի մէջ անհետ կորսուած զինուորներուն հարցը կը գտնուի Ռուսիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան ուշադրութեան տակ։