Վեհափառի Յորդորով Հացադուլաւորները Դադրեցուցած են Բողոքի Այդ Տարբերակը

Այլեւայլ, Հայաստան

Այսօր՝ Դեկտեմբեր 1-ին, ՀՀ կառավարութեան շէնքին առջեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով հացադուլ յայտարարած՝ ՀՅԴ անդամներ Գեղամ Մանուկեանին ու Գարիկ Աւետիսեանին այցելած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսը։ Վեհափառը յորդորած է անոնց՝ դադրեցնել հացադուլը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԵՐԿԻՐ»-էն։

Տեղեկութիւնը հաստատած է Գեղամ Մանուկեանը՝ նշելով,-  «Սիրելի զինակիցներ, ընկերներ, հարազատներ։ Մեր միասնական հացադուլի 9-րդ օրը, Կառավարութեան շէնքին դիմաց այցելեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Ան բաւական երկար զրուցեց մեր հետ, յորդորեց դադրեցնել հացադուլը, քանի որ պայքարի այլ ուղիներ կան։ Եղած էին բազում նման յորդորներ անցնող օրերուն, բայց շարունակած էինք մեր գործողութիւնները։ Վեհափառ Հայրապետին դժուար էր մերժելը։ Այսօրունէ մեր զինակից ընկերներուն հետ կը դադրեցնենք հացադուլը, ու կը շարունակենք մեր պայքարը։ Նոր օր, նոր ՊԱՅՔԱՐ։ Նիկոլը պէտք է անյապաղ հեռանայ։ Մանրամասները՝ առաւել մանրամասն կը ներկայացնեմ այսօր երեկոյեան։ Շնորհակալ եմ աջակցութեան, զօրակցութեան եւ սրտացաւութեան համար»։