Ազրպէյճանի Մէջ Գտնուող Հայ Գերիներու Հարցով Անձամբ Կը Զբաղի ՌԴ Նախագահը. Արա Աբրահամեան

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ գերիներու հարցով անձամբ կը զբաղի ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Այս մասին, ըստ News.am-ի, ըսած է Ռուսիոյ Հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան` նշելով, որ նախագահին իրենք դիմած են նամակով:

«Մենք պարտաւոր ենք այդ հարցով զբաղուելու: Հանդիպած եմ նախագահի՝ միջազգային հարցերով օգնականի՝ Եուրի Ուշաքովի հետ: Առաջին խնդիրը ատիկա դրած ենք: Նամակ գրած ենք նախագահին, մենք ստացած ենք պատասխան: Այսօր Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը անձամբ ինքը կը զբաղի»,- ըսած է Աբրահամեան` նշելով, որ իրենք հետամուտ պիտի ըլլան հարցի շուտափոյթ լուծման:

Անոր խօսքով՝ Փութինին ուղղուած նամակին մէջ իրենք մտահոգութիւն յայտնած են այն հարցին շուրջ, թէ ինչպէս Ազրպէյճանը կը կատարէ համատեղ յայտարարութիւն՝ ռազմագերիներուն առնչուող կէտի իրագործումը: