ՀՀ եւ Ազրպէյճանի ԶՈՒ-երու Միջեւ Տեղի Ունեցած է Ժամանակաւոր Մարտական Հենակէտերու Փաստացի Տեղակայման Կէտերու Յստակեցում. ԱԳՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Մարտական հերթապահութեան իրականացման նպատակով, Նոյեմբեր 27-ին, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած է ժամանակաւոր մարտական հենակէտերու փաստացի տեղակայման կէտերու յստակեցում։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ-էն:

«Պետական սահմանի սահմանագծումը եւ սահմանազատումը տեւական, համալիր գործընթացներն են, որոնք կ՝իրականացուին պետութիւններու միջեւ ձեւաւորուող համատեղ միջգերատեսչական յանձնաժողովներու եւ աշխատանքային խումբերու կողմէ՝ միջպետական բանակցութիւններու ճանապարհով, որուն իբրեւ արդիւնք կը կնքուի համապատասխան միջազգային փաստաթուղթ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: