10 Նոյեմբերի Անկիւնադարձէն Ետք – Դ. Դէպի Վերականգնում Եւ Անկէ Անդին. Ս. Մահսէրէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ
  • ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ-ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԵՐԵՍՆԵՐ

Եթէ հայութեան շարքերուն տակաւին կան մտածողներ, թէ Արցախի մէջ մեր կրած հողային եւ մարդկային կորուստները որեւէ ձեւով կրնան արդարացուիլ, ամբողջ հայութիւնը այս վիճակին հասցնողները կրնան գործը շարունակել՝ բան մը չեղածի հոգեբանութեամբ,

Եթէ, 10 Նոյեմբերի տխրահռչակ համաձայնագիրէն աւելի քան 10 օր ետք, ի յայտ եկող մութ ծալքերը եւ լեռնացող դառնութիւնները մեզ չեն հասցներ այն ճշմարտութեան, թէ Ցեղասպանութենէն եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայաթափումէն ասդին, կրած ենք ամէնէն մեծ կորուստը, սա կը նշանակէ, թէ տակաւին կը տարուինք որոշ երազներով ու պատրանքներով: Մինչդեռ, ցաւցնող ճշմարտութիւնը իր ամբողջական տարողութեամբ տեսնելն ու ընդունիլը պիտի ըլլան առաջին քայլը՝ մենք մեզ այս վիճակէն դուրս բերելու ճամբուն վրայ:

Հաւանաբար շատեր կը մտածեն, որ առայժմ շշմած վիճակ ունինք, խաբուած եւ թողլքուած ըլլալու հոգեվիճակը դարմանելու համար ժամանակի կը կարօտինք. Սա արդարացում չէ, դարմանումի ճամբուն վերաբացումը անյետաձգելի է:

Նախորդ սիւնակներով, արձանագրեցինք միայն մէկ մասը այն հարցականներուն, որոնք ազգովին պէտք է մեր դիմաց շարենք եւ անոնց շուրջ անկողմնակալ քննութիւն բանանք, ամէնէն ճիշդ ու արդար եզրակացութիւններուն հասնինք: Այդ հարցումները ո՛չ հռետորական են, ո՛չ ալ ինքնանպատակ, կամ՝ լոկ մեղաւորներ, սխալողներ փնտռելու դիտաւորութեամբ: Ընդհակառակն, մեզ չարչրկող հարցումներուն պատասխանները գտնելով եւ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ քողազերծելով, մենք պիտի բանանք այն ուղին, որ պիտի կերտուի ազգի միացեալ ուժերով, քաղաքական ու զինուորական ուղեղներու հաւաքագրումով, պիտի փաստենք, որ իշխանափոխութեան պահանջը աթոռակռիւ չէ, այլ նաեւ մեր ամբողջ ներուժը – Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի կարողականութիւնները – մեր բազմաճիւղ եւ բազմամակարդակ հարցերուն լուծման պիտի տրամադրենք՝ առանց ոեւէ մէկը կամ կողմ անտեսելու, արհամարհելու կամ ոտնակոխ ընելու: Պիտի մեկնինք այն եզրակացութենէն, որ պարտուողական համաձայնագիրը ստորագրողը, ուզէ՛ իսկ, այլեւս անկարող է ներքին ու արտաքին բեմերուն վրայ հարցեր լուծելու ներուժն ու ատակութիւնը ունենալ:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

Ներկայ իշխանութիւնը գործնապէս ցոյց տուաւ, որ եթէ սկզբնապէս շիտակ գանակ էր կամ կը յաւակնէր ըլլալ, հիմա ըստ բաւականին ծռած է ու «ծուռ գանակէն շիտակ գիծ չ’ելլեր»: Չգրուած օրէնք է, որ նման ձախողութիւն «կերտողը» առնուազն ինքնակամ հեռանայ իշխանութենէն, այլեւ պատրաստ ըլլայ իր զօրակցութիւնը տալու նորին:

Հետեւաբար, ամէն բանէ առաջ, պէտք է վերականգնել Հայաստանի քաղաքական կեանքը, մշակել հայրենիքին ու ամբողջ հայութեան ուղին ուրուագծող լիարժէք ու համապարփակ ծրագիր (առանց յաւակնելու, որ թերութիւններ պիտի չըլլան նաեւ հոն, սակայն ո՛չ՝ մահացու սխալներ): Բազմակարծութեան լիարժէք վերականգնումը պէտք է երաշխաւորէ նման սխալներու բացառումը:

Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, հանրապետութեան նախագահն ու քաղաքական վերլուծողներ գրեթէ միաձայնութեամբ կը պահանջեն ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ կառավարութեան մը կազմութիւնը, որուն բնականաբար պիտի հետեւին ամբողջ պետական համակարգին վերանայումն ու վերակազմակերպումը, հոն՝ ուր հարկ է: Անիւի գիւտը պիտի չընենք, սակայն պիտի աշխատինք շրջահայեացութեամբ եւ ներքին պառակտումները թօթափելու կամքով: Այսօր, կիրքերը տաք են, եւ պատճառ ունին այդպէս ըլլալու, սակայն այս վիճակը չի կրնար վարդագոյն արեւածագ բերել: Ամէն բանէ առաջ, պէտք է մեր ետին թողունք ատելութեան այն ալիքները, որոնք կը ծագին ասկէ-անկէ, կը հրահրեն բրտութիւն, որոնք յարիր չեն մեր ընկալեալ նկարագիրին, նախ՝ մեր աչքին, նաեւ՝ աշխարհի աչքին վարկաբեկ կ’ընեն մեզ: (Վարկաբեկումը չառնել զգացական տրամաբանութեամբ, այլ վաղը, բանակցութեան սեղաններուն աւելի՛ արժանապատիւ եւ ամուր նստելու մտածումով): Հաւասարապէս անբացատրելի եւ անընդունելի են մէկ կողմէ՝ պետական շէնքերու վրայ կամ անոնցմէ ներս խուժանային արարքները, իսկ միւս կողմէ՝ ոստիկանութեան կողմէ խժդոյժ կասեցումները եւ ճակատումի հրահրման կոչերը:

Ազգային միութեան, միասնութիւն մարմնաւորող կառավարութիւն մը չի կրնար, պէտք չէ դուրս ձգէ որեւէ կողմ, ուժ եւ կարողութիւն, որ առաւելագոյն կամ նուազագոյն չափով ատակ է նպաստելու կազմուելիք ծրագիրներուն պատրաստութեան: Պէտք է վերականգնենք ԱԶԳ-ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ունենալու եւ վերակերտելու սկզբունքը (բաւականանանք միայն նշելով, որ սա ինքնին գաղափարաբանութիւն չէ. գաղափարաբանութիւնները՝ երկիր մը ինչպէ՛ս կառավարելու եւ բարօրութիւն ստեղծելու ձեւերը ցոյց կու տան: Գաղափարաբանութենէ զուրկ երկիր մը, ժողովուրդներ ապրելու եւ շնչելու միջոցներէ կը զրկուեն իրենք զիրենք, որքան ալ որ Հայաստանի կամ այլ երկիրներու մէջ քարոզ տարուի, թէ գաղափարականը աւելորդ բան է): Նախաճաշակը պիտի ըլլար, պատերազմի առաջին փուլին առաջարկուած՝ միացեալ մարմինի մը կազմութիւնը, որ անտեսուեցաւ իշխանութեան կողմէ եւ անվաղորդայն բանավէճի պատճառ դարձաւ: Անկարելի է հաւատալ, որ Հայաստան ունի միայն այսօրուան իշխանութեան ուղեղները (պիտի ըսէինք՝ «հանճարները»): Կայ սերունդ մը, դասակարգ մը, անկախ կուսակցական պատկանելիութենէ, որ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ու ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ԿԸ ՀԱՍԿՆԱՅ մեզ շրջապատող, մօտէն կամ հեռուներէն օղակող աշխարհը, առ նուազն 30 տարիներու փորձառութիւն կուտակած է: Կան լուսանցքի վրայ նետուած գործիչներ, որոնք մինչեւ իսկ խորհրդային տարիներուն ունեցած են նպաստաբեր գործունէութիւն, որքան որ այդ օրերու դրութիւնը թոյլ տուած է: Բոլոր «հիները» նոյն տոպրակին մէջ դնելը առնուազն տրամաբանական չէ: Արցախեան Շարժումին արեւածագէն ի վեր, Հայաստանի ռազմաքաղաքական բեմին վրայ երեւցած են ու յետոյ լուսանցքայնացուած՝ որոշ թիւով դէմքեր ու ծառայողներ, որոնք անպայման աթոռամոլ չէին, չեն գործած երկիրը կողոպտելու եւ սեփական գանձանակները ուռճացնելու նպատակով: Մերժելի են ու մերժելի ալ պիտի մնան այն «հիներ»ը, որոնց վնասարար գործը յայտնի է: Յաջորդ իշխանութիւնը պէտք է ներառէ (եւ սա գայթակղութիւն չպատճառէ ոեւէ մէկուն) այսօրուա՛ն իշխանութենէն տարրեր, որոնք խելամիտ են եւ պատրաստ՝ ետին ձգելու անհանդուրժողութիւնը, դիմացինը ոտնակոխ ընելու «հերոսականութիւն»ը: (Գաղտնի՞ք է, որ այսօրուան իշխանութեան աւազանին վրայ կը ծփան նա՛եւ «հիներ»ու շրջանին տհասութիւն ցուցաբերածներ):

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ-ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

Քաղաքական կեանքի վերականգնումը չի կրնար անտեսել կամ զարգանալ տնտեսական-ընկերային կալուածէն անկախաբար:

Մենք մեզ չխաբենք, ո՛չ ալ թող մէկը փորձէ մեզ խաբել: Հայաստանն ու Արցախը անմիջականօրէն մատնուած են ահաւոր կացութեան: Քանդումները ահաւոր են (բառը թերեւս տկար է): Հողերու կորուստը գաղթականներու տագնապին կու տայ բազմակի ծանրութիւն: Տուն դարձողը միայն մասամբ բախտաւոր կը զգայ, նախ՝ որովհետեւ ամէն գաղթական ԻՐ ՏՈՒՆԸ վերադառնալու երաշխիք չունի (երբեւիցէ պիտի ունենա՞յ), կորսուած ստացուածքները փոխարինելու յոյսերը շատ սահմանափակ են: Հայաստանի պետական պիւտճէին մէջ իսկապէս ծանր բաժին պիտի ունենայ ապաստանեալներու հոգածութիւնը, յետոյ նաեւ գործի կարելիութիւններու ստեղծումը բոլոր անոնց, որոնք պիտի չկարենան կամ պիտի չյանդգնին վրադառնալ: Հայաստանի սակարանը, երկար ատենէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, սլաքի բացասական շարժում կ’ապրի, ապրուստի սղութեան զանգեր կը հնչեն: Ո՛չ 2018-ի իշխանափոխութիւնը, ո՛չ զայն կանխած Ապրիլեան պատերազմը, ոչ ալ Պսակաւորին պատճառած՝ աշխատանքի մասնակի անշարժութիւնը նման նշան բերած էին (չենք անտեսեր Հայաստանի վրայ նա՛եւ տնտեսական նոր ճնշումի հաւանականութիւնը): Համաճարակը, վաղ թէ ուշ, պիտի հրաժարի աշխարհէն ու մեզմէ (պատուաստի մասին աւետիսները սկսած են աւելի ուժեղ հնչել), սակայն այս պատերազմին հետեւանքները շատ աւելի ծանր պիտի նստին մեր հայրենիքին ուսերուն, աւելի՛ ծանր, քան ինչ որ պատահեցաւ 1987-ի երկրաշարժին հետեւանքով: Արցախեան առաջին պատերազմէն ետք իսկ, հակառակ ահաւոր քանդումներուն եւ մարդկային կորուստներուն, ՀՈՂ ԱԶԱՏԱԳՐԱԾ ԷԻՆՔ, հիմա, նա՛եւ ընդարձակ հողեր կորսնցուցած ենք…: Սա միայն իշխանութեան ուղղուած սպառնալիք չէ, այլ նոյնինքն պետութեան եւ ամբողջ ազգին, ինչպէս որ կորուստը ամբողջ հայութեանն է:

Յիշեալ հիմնական կալուածներուն կողքին, վաղուան Հայաստանն ու Արցախը չեն կրնար անտես թողուլ մշակութային, կրթական եւ այլ ոլորտներ: Արդեօք կանխահա՞ս է մտածել, որ այս կալուածներու վերակառուցումն ու վերակազմակերպումը պէտք է ընթանան համաչափ՝ քաղաքական-տնտեսական-ընկերային կեանքին: Ո՛չ, կանխահաս չէ, թէեւ կարելի է այս երեսը նոյնքան առաջնահերթ չտեսնել: Հայաստանի Մշակութային կեանքը (մշակոյթ եզրը նկատի ունի իր բոլոր երեսներով) վերջին տարիներուն նկատառելի նահանջներ արձանագրեց եւ մերթ ընդ մերթ պատճառ դարձաւ որոշ ցնցումներու: Դասաւանդութեան ծրագիրներու մէջ ազգայինին ապրած նահանջը, ընկերային մշակոյթին մէջ օտար ազդեցութեանց տարածումը՝ ի հեճուկս տոհմիկին ու սեփականին (ասոնք կատարուեցան «արդի աշխարհին հետ քայլ կը պահենք»ի հաւաստիքներով), ազգային հաստատութիւններ ու արժէքներ ուղղակի եւ անուղղակի նսեմացումի ենթակայ դարձան, նմանապէս՝ «արդի աշխարհը այսպէս կը պահանջէ»ի (չ)մտածողութեամբ: Եւ ահա մտածողներ կան, որ այդ բոլորն ալ մաս կը կազմէին Հայաստան-Արցախին վիճակուած պարտութեան նախապատրաստութեան…

ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԵՑՈՒԿ

Վերականգնումի երթը եթէ հիմնաքար ու մեկնակէտ պիտի ունենայ հանդուրժողութեան մթնոլորտին հասունացումը, նոյն տրամաբանութիւնը պէտք է տարածել նաեւ արտաքին յարաբերութիւններու եւ ռազմավարութեան-մարտավարութեան ոլորտներուն վրայ: Սա առանձին քննարկելի հարց է եւ անոր պիտի անդրադառնանք յաջորդ սիւնակով: Միայն նշենք, որ ծանր տագնապ, հարուած ստացողը հասունացումի կը հասնի, մենք ալ պէտք է հասուննանք:

Մինչ այդ, Հայաստանի ու Արցախի «ներքին» վերականգմումը, մանաւանդ ՊԵՏԱԿԱՆ շէնքի պահպանումը բացայայտ մարտահրաւէրի դիմաց կը դնեն ամբողջ ազգը: Պատերազմին ծանօթ վախճանէն ետք, շշուկներ ծագեցան, թէ «այսքան տարի, նաեւ պատերազմի օրերուն ահագին օժանդակութիւն հասցուցած էինք, հիմա անոնցմէ շատ բան շոգիացաւ, շատ բան անցաւ թշնամիին ձեռքը: Ալ ինչո՞ւ շարունակենք աջակցութիւնը»:

Նման կասկածամտութիւն կը մատնէ անհեռատեսութիւն եւ ազգային մտածողութեան նահանջ, չըսելու համար սնանկացում: Հայաստանն ու Արցախը ՈՐԵՒԷ ԺԱՄԱՆԱԿԷ ԱՒԵԼԻ պէտք ունին համայն հայութեան ձեռքերուն միացման, բոլորանուէր աջակցութեան (քաղաքական-դիւանագիտականին կողքին): Պետութեան ու հողի պաշտպանութիւնը կապուած չեն այս կամ այն իշխանաւորին աթոռակալութենէն: Ամէնէն երկարակեաց եւ երախտաւոր իշխանաւորն ալ անցաւոր է, հայրենիքն ու հո՛ղն են մնայունը: Եթէ կորուստ ունեցանք, պէտք է մտածենք, թէ զանոնք ինչպէ՞ս կրնանք վերստին ձեռք բերել, հասնիլ վերջերս կորսուածէն անդին ալ…: Պետութեան ու հողին պահպանումը կը յաջողին՝ եթէ անոնք հզօրանան զինուորապէս, տնտեսապէս, մարդուժով, եւ տարբեր ոլորտներու մէջ հզօրանքի վերակուտակումով, բազմապատկումով: Մանրամասնութիւնները թուել՝ կը նշանակէ բազմապատկել այս սիւնակին լայնքն ու երկայնքը, սակայն ՀԱՅՐԵՆԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆ ու ՀԱՅՐԵՆԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄը իբրեւ ազնիւ պարտք կ’իյնայ բոլորիս ուսերուն, իբրեւ նախապայման՝ յառաջիկայ դաժան փուլէն անդին հասնելու: