10 Նոյեմբերի Անկիւնադարձէն Ետք.- Բ. Արցախի Վերաբերող Ցաւոտ Հարցումներ. Ս. Մահսէրէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

27 Սեպտեմբերին պայթած   պարերազմին շուրջ ծնունդ առած հարցականները կարելի է բաժնել երկու գլխաւոր ճիւղի, առանց ըսելու, որ անոնք իրարմէ անջատ են. Հայաստանի ու Արցախի վերաբերող հարցումներ:

Սկսինք Արցախով (ամէնէն երկար ցանկն ալ սպառիչ պիտի չըլլայ, սակայն առաջարկուած քննութիւնը անպայման որ սպառիչ պէտք է ըլլայ), որոնք պէտք է դրուին համաձայնական կառավարութեան մը կամ եղածը անաչառօրէն քննութեան ենթարկելու կոչուելիք մասնագիտական յանձնաժողովի մը կողմէ (աւելի՛ զարգացած տարբերակը՝ Ապրիլեան պատերազմը քննարկող յանձնաժողովին): Կազմ մը՝ որ եղած թերութիւններն ու սխալները արդարացնելու կամ մեղմացուցիչ պարագաներ փնտռելու դիտաւորութեամբ ճամբայ պիտի չելլէ, այլ յառաջիկայ քայլերը ճիշդ ճամբու մէջ դնելու նախանձախնդրութեամբ: Այս հարցումներէն իւրաքանչիւրը կրնայ առանձին յօդուածի ու մեկնաբանութիւններու նիւթ ծառայել, (արդէն հրապարակաւ ահագին բան կ’ըլլայ), սակայն մեր ակնկալածը՝ լուրջ եւ պատասխանատու քննարկումն է: Ուրեմն՝

  • Ճի՞շդ է, որ Հայաստան ու Արցախ պատրաստ չէին այս պատերազմին, ո՛չ զինուորապէս, ո՛չ ալ քաղաքական կապերու մակարդակին վրայ: Ճի՞շդ են այն վերագրումները, որ պատերազմի նախօրեակին ու սկսումէն ետք, կար ակներեւ անկազմակերպ վիճակ-մօտեցում: Եթէ այդպէս է՝ ինչո՞ւ:
  • Ճի՞շդ են այն հաւաստիքները, թէ կարելի էր խուսափիլ պատերազմէն, 27 Սեպտեմբերէն ետք, իշխանութեան ներկայացած են, ներսէն եւ դուրսէն, աւելի արագ եւ նուազ կործանարար լուծումի ընտրանքներ եւ ինչո՞ւ բախած են մերժումի, թէ՞ հակառակն է ճիշդը՝ պատերազմը անխուսափելի էր, անկարելի էր յաղթական դուրս գալ, եղածը պէտք է չարեաց փոքրագոյնը նկատել: Ի՞նչ անվիճելի փաստեր կան:
  • Ճի՞շդ են այն պնդումները, թէ իշխանութիւնը տեղեակ պահուած էր, որ Ազրպէյճան Յունուար-Փետրուար ամիսներէն ի վեր աննախընթաց աշխուժութեամբ սկսած էր պատերազմի պատրաստութեան (առանց մոռնալու նախընթաց տարիներու զէնքի գնումներն ու ռազմափորձերը), իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները անտես ձգած են Պաքուի սպառազինումը, յետոյ՝ ճիշդ գնահատական ու եզրակացութիւն չեն հանած Տաւուշի բախումներէն եւ Նախիջեւանի մէջ Թուրքիա-Ազրպէյճան միացեալ ռազմափորձերէն, որոնք տեղի ունեցան այս պատերազմէն կարճ ատեն մը առաջ:
  • Ճի՞շդ են այն հաւաստիքները, թէ իշխանութիւնը անտեսած է զինուորական եւ ռազմական մասնագէտներու այն առաջարկները, թէ պատերազմի պատրաստուող Ազրպէյճանի ձեռք բերած սպառազինութեան դէմ, պէտք էր ունենալ հակօդային պաշտպանութեան արդիական սարքեր, մինչդեռ իշխանութիւնը նախընտրած է, օրինակի համար, ռազմական օդանաւեր գնել, ընդհանուր առմամբ անպաշտպան ձգել Արցախի օդային տարածքը, չէ գործածած զինական-զինուորական բոլոր կարողութիւնները:
  • Ճի՞շդ են այն մեղադրանքները, թէ ճակատը պէտք եղած չափով չէր կազմակերպուած, տեղ-տեղ զինուորներ թողուած են առանց ատակ հրամանատարի, աշխարհազօրայինները չեն օգտագործուած լաւագոյն չափով:
  • Հայաստանի իշխանութիւնները ինչո՞ւ, յիշեալ իրականութիւնները տեսնելով հանդերձ, ամիսներ շարունակ շարունակած են «ներքին բեմը» տաք պահելով, ամբողջ ուշքն ու ճիգը կեդրոնացուցած են ընդդիմադիրներ հետապնդելու, մեկուսացնելու եւ չէզոքացնելու ճիգին վրայ: (Եւ ահա ստեղծուած է վիճակ, ուր որոշ ընդդիմադիրներու կանուխէն արձակած մեղադրանքները իրականութիւն կը դառնան, այդ ընդդիմադիրները ըլլան համակրելի կամ մեղադրելի):
  • Ի՞նչ հիմնաւորում ունին այն վերագրումները, թէ Արցախի յանձնումը գաղտնօրէն որոշուած էր նախորդ իշխանութեանց օրով: Կամ՝ նախորդ իշխանութիւնները ինչպէ՞ս յաջողցուցած են պատերազմը ձգձգելու մարտավարութիւնը, արագօրէն հակակշռած են մանր դէպքեր կամ Ապրիլեան պատերազմին նման ճակատումներ: (Բնականաբար ճակատումներուն բաղդատականը ճիշդ մօտեցում չէ, պէտք չէ անտեսել նոր գործօնները՝ Թուրքիա, ահաբեկչական խմբաւորումներ, շրջանային իրադրութեանց վերիվայրում եւ այլն, սակայն հարց է, թէ Հայաստանն-Արցախ ինչո՞ւ չեն կրցած քայլ պահել):
  • Ի՞նչ պատահեցաւ, եւ ինչո՞ւ, որ՝ պատերազմէն առաջ, իբրեւ չարաշահող խմբակի անդամ եւ «հիներ»էն դասուած Սէյրան Օհանեան մը մէկ օրէն միւսը բանակի բանբերին կողմէ հանրութեան ներկայացուեցաւ իբրեւ Արցախի հերոս, «որ պարտականութեան վրայ է ու Շուշին կը պաշտպանէ»: Ո՞րն է ճշմարիտը. Սէյրան Օհանեան եւ նմաններ «թալանչի՞» են, թէ՞ Արցախի հերոս: Կը հետեւի, որ պէ՞տք է հաւատք ընծայել բոլոր «հիներ»ուն դէմ արձակուած մեղադրանքներուն…
  • Ճի՞շդ են այն հաւաստիքները, թէ կարելի՛ էր Շուշին չյանձնել, համաձայնաւգիրը ինչո՞ւ ստորագրուած է Շուշիի անկումէն օր մը ետք…: Կամ, տակաւին, իսկապէս կարելի էր յաղթական դուրս գալ, ՀՈՂ ՉԿՈՐՍՆՑՆԵԼ ընդհանրապէս, թէեւ պիտի ունենայինք աւելի մեծ կորուստ:
  • Նախորդ հարցումին լրացուցիչ մը. ճի՞շդ է, որ կար Շուշին պաշտպանելու եւ անոր վրայ յարձակումը ետ շպրտելու, յարձակողները ջարդելու ծրագիր մը, որուն համար պէտք կար 1,500էն 2,000 զինուորի, սակայն այդ ծրագիրը չէ իրականացած եւ ընդհակառակն՝ Շուշիի ուժերուն հրահանգ տրուած է քաշուելու:
  • Ինչպէ՞ս հաշտեցնել յիշեալ՝ 2,000-ով Շուշին պաշտպանելու-չյանձնելու հաւաստիքն ու վարչապետին այն յայտարարութիւնը, որ աւելի քան 30,000 զինուոր փրկելու համար ստորագրած է համաձայնագիրը: Այդ 30,000ը կամ աւելին՝ անզէն ոչխարներու հօ՞տ էին, թէ պաշտպանողական բանակ: (Պէտք է յստակացնել մութ ու գորշ երանգները):
  • Ինչպէ՞ս հաշտեցնել պատերազմի դադրեցումէն ետք հրապարակ նետուած՝ «բաւարար զէնք չունէինք» խօսքերը՝ այն հաւաստիքներուն հետ, որոնք պատերազմի ամբողջ տեւողութեան կրկնուեցան ամէն օր, թէ՝ բանակը զէնքի ու սնունդի, պարենաւորման եւ կապի-հաղորդակցութեան հարցեր չունի:
  • Պատերազմի դադրեցման օրը, հայկական ուժերը կը պահէին որոշ դիրքեր ու բարձունքներ, որոնցմէ քաշուելու որոշում բերաւ համաձայնագիրը: Ինչպէ՞ս բացատրել «գաղտանապահութեան յաւելուածը», երբ զինադուլէն օրեր ետք, նախապէս չյայտարարուած նահանջներ կ’արձանագրենք, գիւղեր կը յանձնուին թշնամիին: Ինչո՞ւ հայկական կողմը ընդունեց նման ընտրանք, առանց պահանջելու, որ ազերիական կողմը քաշուի իր գրաւած շրջաններէն: Սա չի՞ հիմնաւորեր այն մտածումը, թէ ելքը ընդհանուր գիծերու մէջ կանխորոշուած էր պատերազմէն առաջ…
  • Եթէ զինուորական ու ոչ-զինուորական կարգ մը ներկայացուցիչներու բացայայտումները քով-քովի բերենք, կրնա՞նք հասնիլ այն եզրակացութեան, թէ այս իշխանութիւնը ո՛չ զինուորապէս, ո՛չ ալ քաղաքական-դիւանագիտական գետնի վրայ ատակ էր դիմագրաւելու այս պատերազմը, կամ՝ բոլոր (վերագրեալ) տկարութիւնները գիտնալով, մտած է պատերազմի մը՝ պարտուելու համար (չենք ուզեր հաւատալ նման վարկածի), որպէսզի վերջը փորձէ ինքզինք արդարացնել, թէ՝ կարելին այս էր, փրկեցինք՝ ինչ որ կարելի էր, պէտք է այսքանով բաւարարուինք եւ նոյն ընթացքը շարունակենք իբրեւ բնական վիճակ:

***

Պատերազմական գործողութիւններէն անմիջականօրէն բխող յիշեալ հարցականները կարելի է երկարել: Անցնինք քաղաքական եւ ընկերային հարցերուն:

  • Ինչո՞ւ նուազագոյն ակնարկութիւնը չէ եղած Արցախի կարգավիճակին ու անոր դասաւորման քայլերուն մասին: Եթէ պահ մը ընդունինք, որ եղածը պարզապէս զինեալ գործողութիւնները դադրեցնող թուղթ մըն է, հոն ի՞նչ տեղ ունի…Մեղրիի վրայով անցքի պատմութիւնը:
  • 10 Նոյեմբերէն ետք, ի՞նչ կը հասկնանք Արցախ ըսելով: Այսինքն, վաղը, երբ բանակցային սեղան վերադառնանք, պիտի խօսուի այն հազիւ 2,500 քառ. քլմ. տարածքի՞ն մասին (եւ մնացեալը նկատենք անդարձ կորա՞ծ), «Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ»ի՞ն, թէ՞ հայութեան պատկանող այլ տարածքներու մասին (մեր միտքէն արդեօք կ’անցնի՞ վերստին արծարծել Գետաշէնի, Շահումեանի հարցերը, Նախիջեւանը: Իսկ ո՞վ կը յիշէ… Արծուաշէնը): Կը հետեւի նաեւ, թէ ի՞նչ բովանդակութեան մէջ պիտի շարունակուի Արցախի անկախութեան դատի պաշտպանութիւնը եւ գործնական ի՞նչ կարելիութիւններ պէտք է հետապնդել:
  • Ազրպէյճան պիտի ընդունի՞ հրաժարիլ (հիմա որ այս համաձայնագիրով յաղթանակողի վկայագիրը տրուած է իրեն) արցախցիին մնացած այն փոքր տարածքէն: Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք պարտադրել մեզի համար աւելի բարենպաստ պայմաններ, երբ ան վերսկսած է ռազմաշունչ հռետորութեան, ժամանակ չի կորսնցներ յիշեցնելու, թէ իր ուզածը ամբողջ Արցախն էր (պահ մը մոռնանք, որ Թուրքիոյ հետ ժամադրուած են սուրճ խմելու Երեւանի մէջ…):
  • Անշո՛ւշտ որ գնահատելի են արցախցի գաղթականներուն տունդարձի կոչերը եւ անոնց օժանդակելու խոստումները: Վերադարձողը ո՞ւր պիտի բնակի. հատրութցին կամ հարաւային, հարաւ-արեւմտեան եւ հիւսիս-արեւմտեան շրջաններէն գաղթական ելածները ո՞ւր պիտի վերադառնան (հիմա նոր գիւղեր ալ կը յանձնուին, ինչպէս նշեցինք):
  • Եթէ համաձայնագիրը ակնարկութիւն կ’ընէ փախստականներու վերադարձի իրաւունքին մասին, պէ՞տք է հասկնանք, որ ազերիական գրաւման տակ եղող շրջաններու բնակիչները իրաւունք պիտի ունենան տուն վերադառնալու, իսկ արցախցի՞ք…
  • Ազրպէյճան յիշեալ շրջանները պիտի չբնակեցնէ՞ իբրեւ թէ տասնամեակներ առաջ անկէ հեռացած ազերի գաղթականներով (որոնց թիւը կը հասցնէ… մէկ միլիոնի): Հայաստանի հետ Լաչինի վրայով դէպի Հայաստան միայն նեղ անցք մը ունեցող Արցախը, որուն յայտնապէս անցք կը տրուի նաեւ հիւսիսային գօտիէն, ռուսական հսկողութեան տակ, ինչպէ՞ս պիտի կարենայ վերապրիլ եւ գոյատեւել ազերիներով պաշարուած պայմաններու մէջ: Այս գետնի վրայ, ցարդ անորոշութիւնները կը մնան գերակայ կայ:
  • Որեւէ իշխանութիւն կամ սպասարկութիւն ստուգում կը կատարէ՞, թէ Թուրքիա Սուրիայէն գաղթականներ կը հասցնէ Ազրպէյճան (հաւանաբար ոճրային խմբաւորումներու անդամներու ընտանիքներ), որոնք պիտի բնակեցուին Արցախի հայաթափուած շրջաններուն մէջ:
  • Ազրպէյճանի հակակշիռին տակ անցած շրջաններուն մէջ, հայկական մշակութային կոթողներու պահպանումը որքանո՞վ պիտի յաջողի: Ռուսիա խօսած է քանի մը խորհրդանշական վայրի պահպանման մասին, մինչդեռ անդին՝ կան բազմահարիւր կոթողներ, դարաւոր կառոյցներ, որոնց պղծումն ու քանդումը ծայր առած է, իսկ Նախիջեւանի խաչքարերուն պատմութիւնը ցաւցնող յուշարար է:
  • Որքա՞ն ճիշդ են այն տեղեկութիւնները, թէ Հայաստանի իշխանութիւնն ու անոր լծակից՝ Արցախի իշխանութիւնը վերջին շրջանին առնուազն ստորագնահատած են քաղաքական-դիւանագիտական հզօրանքի ստեղծումը, մինչեւ իսկ մսխած են նախորդ տարիներուն գոյացած ենթահողը, եւ ահա պատերազմը ի յայտ բերաւ, որ իշխանութիւնները իրենք զիրենք իրողապէս առանձնացումի մատնած են թէ՛ ներքին, եւ թէ մանաւանդ արտաքին բեմերուն վրայ: (Մեկնաբանները կ’առանձնացնեն Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ կապերու թուլացումը եւ հոն տանող սխալ քայլերը):
  • Ճի՞շդ է, որ Արցախի իշխանութիւնը համաձայն չէր Փաշինեանի կնքած համաձայնութեան, սակայն ուրիշ ելք չունէր: Հոն ալ անտեսուած են «ներքին» զգուշացումները: (Կրկնենք. Իրականութենէն բան չի փոխուիր):

Ահա թէ ինչու այս եւ նման ցաւցնող հարցումներու շուրջ քննութիւնները պէտք է անաչառութեամբ տանիլ լուսարձակներէ եւ խօսքի աճուրդէ հեռու, ո՛չ միայն յանցաւորներն ու սխալները ի յայտ բերելու մօտեցումով, այլ լուծումներու եւ իրաւունքներու վերահաստատման ամուր ենթահողի ստեղծման նախանձախնդրութեամբ:

Նկատելի էր, որ վերի հարցումները առաւելաբար նկատի ունէին Արցախի այժմու մէջ ստեղծուած վիճակը: Նման հարցականներ կը ծագին նաեւ Հայաստանի եւ անոր ռազմաքաղաքական հորիզոններուն դիտարկումով: Այդ մասին՝ յաջորդիւ: