Հայաստանը Կովկասեան Տարածաշրջանի Նորօրեայ Ջրապտոյտին Մէջ. Կարօ Արմենեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Բոլոր երևոյթները ցոյց կու տան, որ կը գտնուինք մեծ ջրբաժանի մը առջև, որ յղի է անգուշակելի հետևանքներով։ Տեղի կ՚ունենայ ուժերու աննախընթաց վերադասաւորում տարածաշրջանին մէջ խախտելով ցարդ գոյութիւն ունեցող ուժային հաւասարկշռութիւնները և Հարաւային Կովկասը դնելով նոր հրամայականներու առջև։ Այս պայմաններու մէջ, նախատեսութեան ամէն ճիգ բնականաբար պիտի բախի անկարելիութեան, քանի որ շատ բան դեռ հեռու է մեր հասողութենէն։ Այնուամենայնիւ մեր խնդիրն է գործել զգաստ գնահատականներով ջանալով մեկնաբանել գէթ տեսանելին և յուսալով, որ կարելի պիտի ըլլայ կանխել յոռեգոյնը և ի վերջոյ ընտրել ճիշտ ուղին մեր երկրին համար։

Առաջին հերթին, պէտք է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ ռուսական «խաղաղապահ ուժերը» առաւելագոյն փոյթով մուտք գործեցին Արցախի, Հայաստանի և երբեմնի ազատագրուած տարածքներու սահմաններէն ներս և ամրացան ռազմավարական կարևոր դիրքերու վրայ։ Ու նաև հարց տալ, թէ ի՞նչ սպարազինութեամբ եկան անոնք և ի վերջոյ ի՞նչ բան իրագործելու կարողականութեամբ և նախատեսութեամբ։ Եւ վերջապէս պէտք է ջանանք հասկնալ, թէ ի՞նչ են Մոսկուայի իսկական դիտաւորութիւնները Կովկասի և յատկապէս Հայաստանի և Արցախի մէջ նոյեմբեր 9-ի Եռակողմանի Համաձայնագրի ստորագրուելէն ետք։

Պէտք է միաժամանակ քննել իրանեան ուժերու ներկայ պատրաստականութիւնն (preparedness) ու շարժումները Արաքսի իրանեան ափերուն վրայ և փորձել հասկնալ իրանեա՛ն մղձաւանջին բնոյթը։

Պարզ խօսքով, Հիւսիս-Հարաւ Առանցքի երկու հզօր միաւորները՝ Ռուսաստանն ու Իրանը, որոնք ընտրեր էին կրաւորական դիրքերէ գործելու քաղաքականութիւնը այն իսկ օրերուն, երբ Ատրպէյճան, Թուրքիա և Իսրայէլ միացեալ ուժականութեամբ կը փշրէին հայկական առաջնագիծը, յանկարծ կրկին կը յայտնուին նախաձեռնողական դիրքերու վրայ…Հարցո՛ւմ ՝ ինչո՞ւ այսքան ուշ և ի՞նչ նոր հրամայականներու և առաջնահերթութեանց անսալով։

Այժմ նաև քննենք, թէ ի՞նչ մթնոլորտ կը տիրէ այսօր թուրքևատրպէյճանական ճամբարէն ներս։ Ատրպէյճան և Թուրքիա ներկայիս կը գտնուին տօնական գինովութեան մէջ։ Արդէն ծանուցուած է թրքական երգերու մեծ փառատօն մը 2021 թուին Շուշիի (ներեցէ՜ք՝ Շուշայի) մէջ…Աղաղակող իրականութիւնը այն է, որ Ռուսաստան և Իրան այս երկուքին շնորհեցին անսպասելի — և խորհրդաւո՛ր — յաղթանակ մը Կովկասի սրտին վրայ, զոր Հայաստան և Արցախ ամէն ինչ ըրին անկարելիութեան մատնելու, բայց չկրցան…Թշնամին ևս «զարմացած» կը թուի, թէ ինչպէ՞ս տարիներէ ի վեր անշեղ համախոհութեամբ գործող Հիւսիս-Հարաւ Առանցքի տէրերը (Մոսկուա և Թեհրան) յանկարծ լքեցին հայկական զինեալ ուժերը թշնամի եռեակի ռազմական հսկայ կարողականութեան դիմաց և անհրաժեշտ համարեցին «սրտցաւ» դիտորդի դեր ստանձնել…Ինչո՞ւ յանկարծ ճակատը պարպուեցաւ։ Ինչո՞ւ Առանցքի ուժերը բացէ ի բաց թոյլ տուին, որ «դանակը հասնի ոսկորին»։ Այսինքն՝ հայո՛ւ ոսկորին։ Թոյլ տուին, որ ցեղասպանական ճակատը (որուն այսուհետև մաս կը կազմէ նաև Իսրայէլ) ապօրինի զինատեսակներով անխնայ բնաջինջ ընէ Արցախի կենսատարածութիւնը՝ Արցախի ռազմավարական գօտին անբնակելի դարձնելու յստակ կանխամտածումով։ Եւ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆՕՐԷՆ ԼՈՒԾԱՐՔԻ ԵՆԹԱՐԿԷ ԱՅՆ ԻՍԿ ԹԱՆԿԱԳԻՆ ԴԻՐՔԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՇՈՒՈՎ ԱՌԱՆՑՔԻ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ԴԻՐՔԵՐՆ ԷԻՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ԱՅՍ ԶԳԱՅՈՒՆ ԿԷՏԻՆ ՎՐԱՅ։ Ինչո՞ւ Ռուսաստան և Իրան բացայայտօրէն հնարաւոր դարձուցին, որ թշնամին հասնէր Սիւնիքի դռներուն։

Մեր ուշադրութենէն պէտք չէ վրիպի այն փաստը, որ Ալիև և Էրտողան լծուած էին իրենց չարաշուք գործին այն հաստատ համոզումով, որ Ռուսաստան և Իրան պիտի չմիջամտէին ոճրային այս գործողութեան…Համոզուած էին, որ Ռուասաստան և Իրան պիտի թողնէին իրենց ձեռքերը ազատ…Համոզուած էին, որ Առանցքի տէրերը աչք պիտի գոցէին 21-րդ դարու այս նախճիրին վրայ։ Այս է մերկ ճշմարտութիւնը, զոր պէտք չէ քաշուիլ բարձրաձայնելէ։ Ընդհակառակն պէտք է փութալ համաշխարհային հանրութեան տանելու այս այրող հարցադրութիւնը։

Ազգային այս աղէտէն ետք, մեր պարտաւորութիւնն է հասկնալ, թէ ի՞նչ պատահեցաւ մեզի և թէ ի՞նչ կրնայ պատահիլ տակաւին։ Իսկ հետևա՞նքը Առանցքի երկու պետութիւններու այս չէզոքութեան։ Արցախի և Հայաստանի վրայ այսօր իրողապէս կանգնած է թուրքևատրպէյճանական (և իրենց ետին՝ իսրայէլեան) գերոյժի ստուերը՝ ինքնաբերաբար վտանգելով ոչ միայն հայ անկախ պետականութեան և ժողովուրդի գոյութիւնը, այլև Ռուսաստանի և Իրանի անմիջական և հեռահաս շահերը։

Անկախ այն բանէն, թէ այս պահուն ո՞ւր կը գտնուին ատզրպէյճանական ուժերը ռազմագետնի վրայ, մէկ բան յստակ է և անուրանալի։ Հիմա արդէն կը գտնուինք թրքական կողմի չափազանցուած յաւակնութիւններուն դիմաց։ Անտանելի է լսել Ալիևի, Էրտողանի, Չաւուշողլուի փքած խօսքերը Եռակողմանի Համաձայնանագրէն «բխող» իրենց ակնկալութիւններուն մասին։ Ալիև «չ՚ուզե՜ր» Հայաստանի մէջ տեսնել ազգայնական կառավարութիւն մը…Չ՚ուզեր ա՜յս և կ՚ուզէ ա՜յն…Յանկարծ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան են, որ կառավարութիւն պիտի թելադրեն Հայաստանի ժողովուրդին։ Իսկ Ռուսաստա՞նը։ Իսկ Փութի՞նը…Իսկ Իրա՞նը։ Յամենայն դէպս որքան ալ ընդվզեցուցիչ և անհեթեթ ըլլան այս բոլորը, պէտք է անպայման և առարկայականօրէն հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս հիւսուած է այս սարդոստայնը մեր շուրջ, որպէսզի հասկնանք էութիւնը այն պարտութեան, որ պարտադրուեցաւ հայոց բանակին և որուն հետևանքները ստիպուած ենք ազգովին դիմագրաւելու բացուող իւրաքանչիւր օրուան հետ։

Կասկած պէտք չէ ունենալ, որ Առանցքի երկու հզօր միաւորներու վերոյիշեալ «խենթութեան» ետին «մեթոտ» մը կար իր շատ ուրոյն տրամաբանութեամբ։ Թուրքիոյ և Ատրպէյճանի նկրտումները յստակ էին առաջին իսկ օրէն։ Իրենք գործեցին և կը գործեն ծաւալապաշտ իրենց քաղաքականութեան հեռանկարներով։ Եւ առաջին հերթին՝ հայկական պատուարը ջարդելու առաջադրութեամբ։ Եւ բնականաբար թուրքևազրպէյճանական այս ծաւալապաշտութիւնը (ուղղուած՝ ոչ միայն Կովկասի, այլև ամբողջ Կասպեան Տարածաշրջանին) էապէս կը թիրախաւորէր ռուսական շահերը։ Ան կը միտէր շրջափակելու Ռուսաստանը Կովկասէն մինչև Կեդրոնական Ասիա տիրելով Ռուսաստանի շարք մը կենսական ճանապարհներուն։ Հետևաբար հարցո՛ւմ ՝ ինչո՞ւ Մոսկուա պիտի նախընտրէր մնալ չէզոք և լոկ դիտողի դերին մէջ։ Այս հարցումին պատասխանը փորձած եմ մասամբ տալ իմ Հոկտեմբեր 25 թուակիր յօդուածիս մէջ («Հիւսիս-Հարաւ Առանցքը Անդամալուծուած») մատնանշելով կողմերու անմիջական շահերը միայն։ Բայց պէտք է նաև բանալ ծալքերը Ռուսաստանի հեռահաս շահերուն, որոնցմով գրեթէ միշտ առաջնորդուած է Մոսկուան յատկապէս իր հին կայսերական տարածքներէն ներս։

Այս կէտին վրայ, հարց տանք, թէ ի՞նչ բան է Կասպեան Տարածաշրջանը։ Աշխարհաքաղաքական այս եզրոյթը կեանքի կոչուեցաւ Խորհրդային Միութեան փլուզման ժամանակաշրջանին։ Ան ստեղծուեցաւ Ա.Մ.Ն.-ի ռազմագէտներուն կողմէ նպատակ ունենալով յենարան ձևաւորել Ա.Մ.Ն.-ի քաղաքականութեան համար պատմութեան բեմէն արագօրէն չքացող Խորհրդային Միութեան տարածքներէն ներս։ Ըստ Արևմուտքի ռազմագէտներուն, ան պիտի ընդգրկէր Կեդրոնական Ասիոյ նախկին խորհրդային թրքացեղ և իսլամակրօն հանրապետութիւնները, Անդրկովկասը և Թուրքիան…Իր սկզբնական ձևին մէջ, Կասպեան Տարածաշրջանը իր մէջ կ՚առնէր նաև Հայաստանը, բայց շուտով ան դուրս ձգուեցաւ այս խմբաւորումէն…Հայաստանը նկատուիլ սկսաւ ռուսական ազդեցութեան պատկանող հող և հեռուէ հեռու միայն քաղաքականօրէն շահեկան և յուսալի՝ Արևմուտքին համար։ Բոլոր միւսներուն վրայ կը տարածուէր Արևմուտքի և յատկապէս Ա.Մ.Ն.-ի հովանաւորութեան ենթադրեալ ծածկոյթը։ Իսկ այդ ծածկոյթը ազդեցութեան գօտիի վերածելու համար Արևմուտքը պէտք ունէր վստահելի գործընկերոջ մը և այդ մէկը (այդ օրերու մտայնութեամբ) միայն Թուրքիան կրնար ըլլալ…Յանկարծ Թուրքիոյ փայփայած համաթուրանական գաղափարին համար կը բացուէր Արևմուտքի շահերէն իսկ բխող հսկայ մէկ գործադաշտ։ Այս ձևով, Թուրքիոյ կը վստահուէր երկու տարածաշրջան։ Միջին Արևե՛լքը՝ ուր Թուրքիա պիտի գործէր որպէս իսլամութեան առաջնորդ։ Եւ Կասպեան Տարածաշրջա՛նը՝ ուր Թուրքիոյ համաթրքական հասողութիւնները պիտի օգնէին Արևմուտքին իր ոտքը ամրացնելու Ռուսաստանի կենսական տարածութիւններէն ներս։

Այս քաղաքականութեան դարբիններէն էին նաև Իսրայէլի ռազմագէտները։ Իսրայէլ Թուրքիոյ և Ազրպէյճանի մէջ կը տեսնէր բնական դաշնակիցներ մէկ կողմէ՝ արաբական երկիրները հակակշռելու և միւս կողմէ՝ իրանեան վտանգին դէմ Իսրայէլին պաշտպանութիւն հայթայթելու ակնկալութեամբ։ Իսրայէլ տառացիօրէն հաւատարիմ մնաց իր այս ռազմավարութեան նոյնիսկ երբ պարագայաբար կը բախէր Էրտողանի թշնամական ելոյթներուն։

Եւ սակայն Կասպեան Տարածաշրջան իմացութիւնը շուտով պիտի բախէր իրականութեան այլ եզրերուն։ Բնական է, որ Ռուսաստան ձեռնածալ պիտի չնստէր ի տես այս միջազգային երթուդարձին։ Հակառակ իրենց անջատողական հռետորաբանութեան՝ խորունկ կապեր տակաւին կը կապէին Կեդրոնական Ասիոյ թրքացեղ այս պետութիւնները Մոսկուայի։ Մոսկուա գիտէր, թէ նոյն մենաշնորհային համակարգն էր ամէնուրեք, որ շահակցական բարդ զօդուղիներով կ՚իշխէր նախկին խորհրդային տարածքներէն ներս։ Եւ որուն ուժին առջև կը նսեմանային բոլոր միւս քաղաքական շահադրդիչները (incentives)։ Շուտով նաև պիտի պարզուէր, որ նորանկախ հանրապետութիւնները ամենևին պէտք չունէին Թուրքիոյ միջնորդութեան Արևմուտքի հետ յարաբերութիւններ մշակելու համար…Հակառակ այս բոլորին, սակայն, Թուրքիա անկախաբար շարունակեց հետապնդել համաթրքական իր քաղաքականութիւնը իր յոյսը կապելով նորահաս սերունդներուն և իր լուռ սպառնալիքը տարածելով ոչ միայն Ռուսաստանի ազդեցութեան ծիրէն ներս, այլև Ռուսական Դաշնութեան սահմաններէ՛ն՝ գործածելով իր քարոզչական բոլոր յայտնի ու անյայտ զէնքերը։

Փութինի ժամանակը կը յատկանշուի նաև այն իրողութեամբ, որ Ռուսաստանը, որպէս գերտէրութիւն, վերստին կը մտնէ միջազգային քաղաքականութեան ասպարէզէն ներս աշխարհակարգի երկբևեռ դրուածքը վերականգնելու ճիգով։ Եւ առաջին հերթին՝ Ռուսաստանի ազդեցութեան գօտին վերաձևաւորելու յաւակնութեա՛մբ։ Այս տարերային հոլովոյթով է, որ Կասպեան տարածաշրջանը շատ արագօրէն կը դադրի Արևմտեան հանգիստ խաղավայր մը ըլլալէ և կը վերածուի ռուսևարևմտեան անհանգիստ մրցադաշտի մը։ Եւ այս խուլ առճակատման բովին մէջ է, որ հետզհետէ մարմին կ՚առնէ Հիւսիս-Հարաւ Առանցքը, որուն անտեսանելի գիծը (Իրանի վրայով) կը հասնի մինչև Սուրիա և Միջերկրական։ Եւ այս բարդ գործընթացի տարերոյթին (dynamics) մէջ անխուսափելիօրէն կ՚ընդգրկուի նաև Արցախի հիմնահարցը։ Այս վերջինի միջազգայնացումը տեղի կ՚ունենայ ռուսևարևմտեան առճակատման նորմերով և հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան քարքարոտ հողին վրայ։

Իմ կարծիքով, Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմանի Համաձայնագիրը զուտ ռուսական փաստաթուղթ մըն է։ Ան յղացուած է Նախագահ Փութինի կողմէ միաժամանակ քանի մը կարևոր ռուսական իրագործումներ ճարտարապետելու յստակ մտասևեռումով։

Փանթուրքիզմի մեծ սպառնալիքին որպէս հակակշիռ, Մոսկուա որոշած կը թուի ըլլալ իր թաթը ամրացնել Ատրպէյճանի մէջ։ Ատրպէյճանական քարիւղի եկամուտները ռազմական գնումներու միջոցով Ռուսաստան հոսեցնելու Փութին-Ալիև գործարքը մէկ երեսն է միայն Ազրպէյճանէն ներս խարսխուելու ռուսական քաղաքականութեան…Մոսկուա որոշած կը թուի ըլլալ Ատրպէյճանը չզիջիլ Թուրքիոյ և Իսրայէլի։ Ի հարկին նոյնիսկ զայն երևութապէս «բաժնել»-ով այս վերջիններուն և Ա.Մ.Ն.-ի հետ, բայց միշտ իրեն վերապահելով առիւծի բաժինը։ Եւ միշտ թիրախաւորուած պահելով Ազրպէյճանի և Ալիևի աքիլլէսեան կրունկները։

Այս մէկը կարենալ իրագործելու համար, Մոսկուա անհրաժեշտ համարած պէտք է ըլլայ «կաշառել» Ալևը իր ներկայ յաղթանակով (դժբախտաբար մեր արեան հաշւո՛յն) և միաժամանակ ձգտելով իր ուռկանին մէջ բռնելու Թուրքիան։ Պարզ է, որ ուժաթափ Հայաստանը և իր (Փութինի) նախագծով «յաղթանակած» Ատրպէյճանը իր թաթին մէջ հաւաքած գերպետութիւնը այնուհետև ի վիճակի է պատանդ վերցնելու Կովկասեան ամբողջ տարածաշրջանը և «ըստ պատկերի իւրում» կարգաւորելու Հարաւային Կովկասի քաղաքական քարտէզը մէկդի հրելով Թուրքիան և յաջողապէս չէզոքացնելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան իր գործընկերները։ Ի դէպ արևմտամէտ քաղաքականութեան ենթադրեալ բևեռ հանդիսացող Վրաստանի մասին առհասարակ չ՚արժեր խօսիլ, քանի որ ան ինքնաբերաբար և կեանքի ուժով կ՚ընդգրկուի վերոյիշեալ ռուսական գործընթացին մէջ։

Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմանի Համաձայնագիրը իրաւական հզօր հող կը հայթայթէ Մոսկուայի ռազմական մեծ ուժ տեղադրելու Հայաստանի և Արցախի մէջ առանց պարպելու Գիւմրիի իր ռազմախարիսխը։ Ճիշտ է, որ երևութապէս փուլ եկած է հայկական պատուարը Ռուսաստանի անուղղակի թոյլտւութեամբ։ Եւ սակայն զայն փոխարինելու եկած է ռուսական ռազմոյժը «միջանցքներուն հսկելու» պիտակին տակ…Այսօր Ալիև կը թուի վայելել իր «ռուսանուէր» յաղթանակը։ Եւ սակայն ան արդէն կը զգայ, որ այս յաղթանակը իրմէ առաջ ուրիշ տէր մը ունի…և որ ան ենթակայ է համաձայնագրի մեծ գործընկերոջ հաստատած և հաստատելիք խաղականոններուն։

Այս կէտին վրայ, հարցականի տակ է նաև, թէ ի վերջոյ ի՞նչ շահած է Թուրքիան պատերազմի գործարքէն։ Անգարայի համաթրքական ծրագիրը ի՞նչ չափով կրցած է նոր գետին նուաճել։ Հակառակ իր հրապարակային հռետորաբանութեան, Թուրքիա ներկայիս յստակ պատճառներ ունի արդէն իսկ խաբուած զգալու։ Յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, թէ Փութինեան նախաձեռնութիւնը դէպի ո՞ւր կը դիմէ Կովկասի բեմին վրայ։

Թուրքևատրպէյճանական համաթրքական սպառնալիքը անշուշտ կը շարունակէ իրական վտանգ մը ըլլալ Ռուսաստանի համար։ Վտա՛նգ մը՝ որուն դէմ ուղիղ առճակատման դիմելու անպատեհութիւնները շատ մեծ են Ռուսաստանի համար։ Փութին կը թուի գիտակցիլ այս իրողութեան և գտած ըլլալ կը թուի ոսկեայ այլընտրանքը…ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԷ ՆԵՐՍԷ՛Ն ԳՐԱՒԵԼ ՓԱՆԹՈՒՐՔԻԶՄԸ։ ԶԱՅՆ ԱՌՆԵԼ ԻՐ ԴՐՕՇԻՆ ՏԱԿ։ ԶԱՅՆ «ՌՈՒՍԱՑՆԵԼ» ԵՒ ԶԱՅՆ ԱՆՄԱՏՉԵԼԻ ԸՆԾԱՅԵԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ։ ԶԱՅՆ ՏԱԿԱՒ ՀԱԼԵՑՆԵԼ ՈՎԿԻԱՆՈՍԱՅԻՆ ԻՐ ՀՍԿԱՅ ՋՐԱԶԱՆԳՈՒԱԾԻՆ ՄԷՋ։

Ապագան ցոյց պիտի տայ, թէ որքա՞ն արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ ռուսական այս քաղաքականութիւնը։ Պէտք չէ գերագնահատել Էրտողանի և իր համախոհներու օսմանական ժամանակավրէպ հռետորաբանութիւնը։ Պէտք չէ ստորագնահատել Փութինի կարողութիւնը իր կայսերական տիրոյթին յաջողապէս տիրութիւն ընելու։ Բայց մանաւանդ մեծ սխալ մըն է Մոսկուայի կողմէ «ողոքում»ի և «սիրաշահում»ի մարտավարութիւններով սնուցանել թուրքևազրպէյճանական ֆաշիզմի հրէշը։ Զայն պէտք է խեղդել իր բոյնին մէջ։ Եւ Մոսկուա ի վիճակի է այդ բանը իրագործելու։

Փութինի ներկայ ռազմավարութիւնը խաղականոն կը հաստատէ նաև Իրանի համար։ Թրքական և իսրայէլեան զոյգ սպառնալիքներուն դիմաց՝ Իրան լուրջ պատճառ ունի վերադառնալու Հիւսիս-Հարաւ Առանցքի ապահովութեան և շատ աւելի ներգործօն մասնակցութեամբ։ Առաւե՛լ. պայմանները հրամայական կը դարձնեն ներկայիս, որ Իրան մօտէն հետևի հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ընթացքին։ Իրանի շահը (no pun intended) այսօր շատ սերտօրէն կապուած է Հայաստանի պետականութեան լինելիութեան հրամայականներուն հետ, որոնք իրենց կարգին՝ կապուած են Հայաստան-Ռուսաստան խորքային յարաբերութիւններու որակին։ Իրանի համար կենսական նշանակութիւն ունի այսօր Ռուսաստանի ներկայութեան ամրակայումը Արաքսի այս ափամերձ գօտիին մէջ, որպէսզի Իրան կարենայ տէր կանգնիլ իր ներքին միութեան և Իսլամական Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան։

Եւ վերջապէս կարևոր է շեշտել հետևեա՛լը։ Ասոնք կնճռոտ բանակցութիւններու ժամանակներն են Հայաստանի համար։ Կնճռոտ և ճակատագրակա՛ն։ Այս բանակցութիւնները կը պահանջեն նոր և հոգեպէս անկաշկանդ ղեկավարութիւն։ Հայաստան պէտք է կարողանայ ազատ մտքով հաղորդակցիլ իր ռազմավարական գործընկերոջ հետ և բարձրորակ ներդրում բերել այդ խօսակցութեան։ Եռակողմանի Համաձայնագիրը մեծ թերութիւններ ունի իր ներկայ կոշտ գիծերուն մէջ։ ԱՆ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ Է ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ և ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ ՎԿԱՅԱԳԻՐ ՝ ԱԼԻԵՒԻՆ։ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ԱՅՍ ԴՐՈՒԱԾՔԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԵՐԿԱՐ ԿԵԱՆՔ ԱՊԱՀՈՎԵԼ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻՆ։ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԸՆԴՈՒՆԻԼ ԻՐ ՄՏՔԻՆ ՎՐԱՅ ԾԱՆՐԱՑՈՂ ԵՒ ԻՐ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ՎԱՍՏԱԿԸ ԱՆՊԱՏՈՒՈՂ ՇԻՆԾՈՒ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍ ԹՈՒՂԹԸ։ ՆԱԽԱԳԱՀ ՓՈՒԹԻՆ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՆԿԵՂԾ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ։ ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ ՆՈՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԵՒ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ։ ՊԱՅՄԱՆ Է, ՈՐ ԱՅՍ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ ՎԵՐՍՏԻՆ ԲԵՐՈՒԻ ՍԵՂԱՆ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՍՐԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ։

Պայման է, որ Եռակողմանի Համաձայնագիրը, որուն վրայ կայ Ռուսական Դաշնութեան Նախագահին ստորագրութիւնը, դադրի ազգային ամօթ մը ըլլալէ հայ ժողովուրդի աչքին։ Պայման է, որ Արցախի ու Հայաստանի հողային ամբողջականութեան նախանձախնդիր արմատական սրբագրութիւններով ՝ան վերածուի իսկական համաձայնագրի մը ցոլացնելով բոլոր կողմերու ողջամիտ եզրակացութիւնը։ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութիւնը գլխաւորող Հ.Հ.Վարչապետն ու Նախագահ Փութին պէտք է կարողանան իրագործել այս կարևոր և անշրջանցելի առաջադրութիւնը։ Նախագահ Փութին միակն է այսօր, որ կրնայ այս գործընթացը դուրս հանել այս կործանարար ջրապտոյտէն։ Եւ տարածաշրջանը տանի՛լ դէպի իսկական խաղաղութիւն։ Իրագործո՛ւմ ՝ որ զինք արժանի կ՚ընծայէ Նոպէլեան Խաղաղութեան Մրցանակին։