Ֆրանսացի 120 Նշանաւոր Մտաւորականներու Կոչը՝ Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի եւ Արցախի

Աշխարհ, Հայաստան

Այսօր Le Figaro Magazine հանդէսին մէջ հրապարակուած է ֆրանսացի 120 նշանաւոր մշակութային գործիչներու եւ մտաւորականներու կոչը՝ ի պաշտպանութիւն Հայաստանի եւ Արցախի։

Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան տեղեկութիւններով՝ կոչին միացածներուն մէջ են աշխարհահռչակ դերասաններ Ալէն Տըլոնը, Քլաուտիա Քարտինալէն, Ժան Ռենոն, Ֆանի Արտանը, Տանի Պունը, Ժուլիէթ Պինոշը, Փիեռ Ռիշարը, օսքարակիր դերասան Ժան Տիւժարտէնը, հանրածանօթ մտաւորականներ Ժաք Աթալին, Պեռնար-Անրի Լեւին, համաշխարհային ճանաչում ունեցող բեմադրիչներ Քոսդա-Կաւրասը, Քլոտ Լըլուշը, Միշէլ Հազանաւիչուսը, նշանաւոր հեռուստատեսային գործիչ Ստեֆան Պեռնը եւ աշխարհառչակ խոհարար Ալէն Տիւգասը։

Ստորեւ՝ կոչին հայերէն թարգմանութիւնը․

«Օսմանեան կայսրութեան պարագլուխներուն կողմէ ոճրագործուած 1915թ․ Հայոց Ցեղասպանութենէն աւելի քան մէկ դար անց՝ հայ ժողովուրդը վերստին զոհ դարձած է երկու բռնապետութիւններու, քանի որ ինչպէս Պաքուն, այնպէս ալ Անգարան հայերու հանդէպ ատելութիւն կը բորբոքեն՝ իւրաքանչիւրը իր բացարձակ իշխանութիւնը նոր արիւնալի աւարով մը ամրապնդելու համար։ Հայերու ճակատագիրը վայրագօրէն խեղուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, որ անոնք Արցախ կ՝անուանեն։ Աւելի քան երկու հազարամեակ այս հողին վրայ
կ՝ապրին հեզ եւ հպարտ մարդիկ, որոնք ամուր կառչած են իրենց քարքարոտ եւ սքանչելի հողին։ Այդ մարդիկ կը փափաքէին իրենց գոյութիւնը շարունակել այն հողին վրայ, ուր անառիկ լեռներու սրտին մէջ եւ դառն քրտինքով մշակուած հովիտներուն մէջ անոնց նախնինները ապրած են, տուներ, դպրոցներ ու հրաշագեղ վանքեր կառուցած։

Մարդկային արժանապատւութենէ զուրկ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Թուրքիան եւ Իլհամ Ալիեւի Ազրպէյճանը կատաղի յարձակում գործեցին արցախահայերուն դէմ՝ անոնց օրինական ձգտումը փոշիացնելու համար։ Հայերու համար Լեռնային Ղարաբաղը նախ եւ առաջ ժողովուրդ է՝ իր բազմադարեայ մշակոյթով, երաժշտութեամբ, պարարուեստով, որ կ՝ուզէ աշխարհի քայլքին միանալ եւ ազատիլ իրեն պարտադրուած անկլաւային կարգավիճակէն։ Հակադարձ կերպով Պաքուի եւ Անգարայի իշխանութիւններուն համար Արցախը սոսկ տարածք է, ուր պէտք է ամէն գնով ծածանուի Ազրպէյճանի դրօշը, եւ այդ նպատակին ծառայեցուեցան Թուրքիոյ յատուկ ջոկատայինները, հակամարտութեան գօտիին վրայ քաղաքացիական բնակութիւնը ոչնչացնելու համար Թուրքիայէն ուղարկուած մեծաթիւ մարդասպան անօդաչու սարքերը եւ ճիհատիստ վարձկանները։

Արդէն իսկ ապացուցուած է, որ Ազրպէյճանը Արցախի մէջ օգտագործած է կասետային ռումբեր, որոնք արգիլուած են միջազգային իրաւունքով։ Ասիկա միանգամայն անհաւասար պատերազմ եղած է։ Հայերը այդ պատերազմը չեն ուզած, պատերազմը անոնց պարտադրուած է, եւ անոնք պայքար մղած են՝ յանուն իրենց գոյութեան։ Ազրպէյճանական բռնապետութեան համար այս պատերազմը սոսկ ազգայնական փառասիրութեան հարց է։ Ազրպէյճանի նախագահը պարզ եւ յստակ կերպով ի ցոյց դրած է իր մտադրութիւնները, երբ Արցախի դէմ լայնածաւալ ռազմական յարձակման առաջին օրերուն կը յայտարարէր․ «Մենք անոնց շուներու պէս պիտի վռնտենք»։

Ան նոյն այդ նախադասութիւնը կրկնեց Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան արտաքսման պատճառ դառնալէն ետք՝ յայտարարելով, որ հպարտ է, որ իրագործած է իր զարհուրելի խոստումը։ XXI-րդ դարուն մարդու հանդէպ այսօրինակ ատելութիւնը, ատելութեան նմանօրինակ պոռթկումը խորապէս վրդովմունք կ՝առաջացնէ, որ բացարձակապէս չի կրնար տեղ գտնել ժամանակակից աշխարհին մէջ։ Ահա թէ ինչու ես կը սատարեմ Հայաստանին, ես կը սատարեմ Արցախին»։