Մենենտեզ Ատրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Դէմ Պատիժներ Սահմանելու Եւ Արցախի Հայութեան 100 Միլիոն Տոլարով Նպաստելու Կոչ Ըրաւ

Աշխարհ, Հայաստան

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ ծերակուտական Պապ Մենետեզ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան կոչ ըրաւ՝ պատժամիջոցներ որդեգրելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ՝ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ անոնց  սանձազերծած ռազմական բռնարարքներուն համար:

Ան պահանջեց դադրեցնել Անգարային եւ Պաքուին ամերիկեան զէնքերու եւ ռազմական արհետսգիտութիւններու վաճառքը եւ կոչ ըրաւ՝ 100 միլիոն տոլարի օգնութիւն տրամադրելու Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բռնարարքներուն պատճառով տեղահանուած տասնեակ հազարաւոր հայերուն՝ մարդկային անխուսափելի աղէտը կանխելու նպատակով:

Մենենտեզ նաեւ նշեց, որ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիր՝ Ամերիկա պէտք է գործօն մասնակցութիւն բերէ բանակցային գործընթացին, քննադատելով նախագահ Տանըլտ Թրամփի «քնացած» վարչակազմը։

«Ամերիկայի կրաւորական դիրքին պատճարով, բանակցութեան սեղանին շուրջ հաւաքուեցան անոնք, որոնք ոչ-մաքուր նպատակներ ունէին: Նախագահ Էրտողան հրահրեց ատրպէյճանական յարձակումը՝ մահացու անօդաչու թռչող սարքեր եւ սուրիացի վարձկաններ մատակարարելով: Նախագահ Փութին եւ նախարար Լաւրով հակամարտութեան առաջին օրերէն կողմերուն հետ կապի մէջ էին եւ արդիւնքը` Ռուսիա նոր յենակէտ ստացաւ Կովկասի մէջ: Ռուսիա, ինչպէս պարզ դարձաւ, երբեք նուիրուած չի եղած Մինսկի խմբակի գործընթացին, եւ հիմա ձեռք բերաւ այն, որուն կը ձգտէր 1990ականներէն ի վեր: Այժմ, Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր գործընթացներու կառավարումը յանձնուած է բռնապետներուի եռեակին, իրավիճակ մը, որ պէտք է անհանգստացնէ՝ ժողովրդավարութիւնը, մարդկային իրաւունքները եւ խաղաղութիւնը գնահատող մարդոց», շեշտեց Մենենտեզ՝ քննադատելով այն իրողութիւնը, որ համաձայնութեան մէջ ոչ մէկ ակնարկ կայ Թուրքիոյ ուղարկած վարձկաններուն մասին, որոնք, եթէ հոն մնան, յաւելեալ բռնութիւններու պիտի դիմեն հայերուն դէմ:

Մենենտեզի ամբողջական ելոյթը կարելի է դիտել https://youtu.be/JCh49hna7hA կայքէջին վրայ։