Հայաստանի Ներքին Կացութեան Ախտաճանաչում. Յ. Պալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Amicus Plato, sed magis amica veritas

Aristote

            «Կը սիրեմ Պղատոնը, բայց աւելի կը սիրեմ ճշմարտութիւնը»: Այսպէս խօսած է Արիստոտէլ իր ուսուցիչ Պղատոնի տեսութիւններուն մասին:

            «Հայափրկման գործընթաց պէտք է մեկնարկի», կ’ըսէ սահմանադրագէտ Գոհար Մելոյեանը, Հայաստանի կացութեան մասին:

Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) մարդիկ յուզուած են: Ներսը եւ դուրսը, հայեր անձնատուր կ’ըլլան ապագայաբանական եւ քաղաքական առաւել կամ նուազ գրքունակ վերլուծումներու, որոնք յաճախ կը բնորոշուին նաեւ՝ հին եւ չհինցող կողմնապաշտական կիրքով:

            Եթէ միայն ողջախոհութեամբ լսէինք իրազեկները:

            Հայաստանեան լուրերու մէջ (համացանց) կարդացի սահմանադրագէտ Գոհար Մելոյեանի հետ զրոյց մը, որմէ կ’առանձնացնեմ հետեւեալը.

«Այս իշխանութիւնը չի կարող պահանջել յետնահանջի ձեւաչափ կամ բանակցութիւնները շարունակելու ձեւաչափ: Մանիպուլեատիւ հնարք է, հանրութեանը փորձում են մոլորեցնել, թէ աթոռակռիւ է սկսուել, աթոռակռուի մասին խօսք չկայ, հայափրկման գործընթաց պէտք է մեկնարկի, որովհետեւ եթէ մարդիկ  մտածում են, որ սրանով Արցախի հարցը լուծուեց կամ հողերը յանձնեցինք ու իրենց  կեանքն աւելի անվտանգ դարձաւ, չարաչար սխալւում են, որովհետեւ սա նոր վերջի սկիզբն է,- ասաց սահմանադրագէտ Գոհար Մելոյեանը» (ընդգծ. Յ.Պ.):

            Նոյն պարբերութեան մէջ խնդիրներ նշուած են, զորս բարեմտութեամբ եւ մանաւանդ կողմնապաշտութեամբ շրջանցել քաղաքական կուրութիւն է եւ յանցանք:

            Իշխանութիւն-ընդդիմութիւն յարաբերութիւնը աթոռակռիւ որակել, կը նշանակէ սեփական համակիրները ապակողմնորոշել: Այս կը նմանի ժամանակին Թուրքիոյ դատարաններուն մէջ թուրքի սովորական դարձած հզօր ինքնապաշտպանութեան փաստարկ «տինիմէ սէօյտիւ»ին (կրօնքիս հայհոյեց), որ ուղիղ ճանապարհն էր անզօր ամբաստանեալ կեավուրի դատապարտութեան: Հիմա, Հայաստանի մէջ, ժողովրդական ընդվզումը խեղճացնել եւ ըսել, որ պատահածը «աթոռակռիւ» է, կը նշանակէ կոյր եւ խուլ ըլլալ, չտեսնել, որ հայեր մտահոգ են իրենց հայրենիքի ապագայով եւ կը տառապին իրենց կորսնցուցածին  ցաւով: Միաժամանակ սահմանադրական կարգի խախտում կայ, նաեւ՝ ընդհանրապէս ազգի եւ հայրենիքի գոյատեւման սպառնալիք:

            Պէտք է կարդալ Գոհար Մելոյեանի յօդուածները, ուր կը յիշուին Հայաստանի Սահմանադրութեան հիմնական դրոյթներէն մի քանի կէտեր. ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան հիմք ընդունուած Պայմանագիրը պէտք է որ անցնէր Սահմանադրական Դատարանի բովէն, իսկ ազգային հողամասէն զիջումները եւս ներկայացուէին Սահմանադրական Դատարան եւ առարկայ ըլլային հանրաքուէի:

            Վարչապետ կամ նախագահ, չեն կրնար փոխարինել օրէնքով ամրագրուած ժողովուրդի իրաւունքը:

            Գոհար Մելոյեան թութակաբար չի կրկներ աժան բարոյախօսութեան յատկանիշ ունեցող «աթոռակռիւ»ը, այլ կը խօսի գալիք մեծ փորձութիւններու մասին: Ուշադրութեամբ պէտք է կարդալ ինչ որ կ’ըսէ. «…հայափրկման գործընթաց պէտք է մեկնարկի»: Այսինքն ինչ որ կը պատահի այսօր, ինչ որ թուղթ կը ստորագրուի այսօր, ազգի ապագային կ’առնչուի, սիրուած եւ կրկնուած շէքսփիրեան բանաձեւին, ազգի լինելութեան. «լինել թէ չլինել»: Ստեղծուած քաոսային վիճակը չի պարփակուիր դասական մրցակցութեան, «աթոռակռիւ»ի գորշութեան մէջ: Այդ մասին կը վկայեն իշխանութեան զանազան օղակներու մէջ յայտարարուած «հրաժարականները»:

            Եթէ լսող ըլլայ, ահազանգային է Գոհար Մելոյեանի միտքը. «…եթէ մարդիկ  մտածում են, որ սրանով Արցախի հարցը լուծուեց կամ հողերը յանձնեցինք ու իրենց  կեանքն աւելի անվտանգ դարձաւ, չարաչար սխալւում են, որովհետեւ սա նոր վերջի սկիզբն է»:

            «Վերջի սկիզբ»… Ի՞նչ հասկնալ:

            Ազգի գոյութենական ռազմավարութիւնը տգէտ եւ շահախնդիր անգիտացողներ միշտ եղած են: Ամենօրեայ լրատուութիւնը, իր նորութիւններով եւ ուշագրաւով, յաճախ կը փթացնէ յիշողութիւնները եւ դատումները: Մոռցած ենք արցախեան ազատագրական պայքարի առաջին թէժ օրերուն ըսուած պարտուողական եւ գործնապաշտ կարգ մը մարդոց (չ)իմաստութիւնները, օրինակ, որ «Ղարաբաղցիները մինչեւ հիմա կրցած են ապրիլ ազերիներուն հետ, հիմա ալ կրնան ապրիլ», եզրակացնելու համար, որ Հայաստան պէտք է զբաղի իր հարցերով, լքէ Ղարաբաղը, ինչպէս գաղութարարները հրաժարեցան հողերէն եւ անոնց ժողովուրդներէն, որոնք ոչ իրենց հայրենիքն էին ոչ իրենց ժողովուրդը: Արցախը Հայաստանի գաղութ չէ, յաճախ լսած ենք, որ Արցախը Հայաստան է եւ վերջ:

            Ինչպէ՞ս չտագնապիլ, երբ Արցախը կը կտրատուի, կը դատապարտուի կծկուելու:

            Կրկին կանգ առնենք Գոհար Մելոյեանի նշած կացութեան առջեւ, միտքին, եւ հասնիլ այն եզրակացութեան, որ  «Արցախի հարցը լուծուեց կամ հողերը յանձնեցինք ու իրենց  կեանքն աւելի անվտանգ դարձաւ»: Այդպէս կրնան մտածել զինադադար պարտադրած ռուսը, դեղով եւ սնունդով օժանդակելու եւ խիղճ հանդարտեցնելու սովոր քաղաքակիրթ աշխարհը: Անոնք ցեղասպանութիւն չեն ապրած: Չեն տեսներ ուրուրի պէս Հայաստանի եւ հայոց գլխուն վրայ սաւառնող ցեղասպանութեան շարունակման սպառնալիքը, աշխարհակալական ռազմավարութեան մը առանցքին գտնուելու սպառնալիքը:

            Դուրսէն դիտողը զգացական մանրուքներով չի դատեր: Այսպէս, ֆրանսական թերթի մեծատառ խորագիրն էր. «Լեռնային Ղարաբաղ. Վլատիմիր Փութին ամրագրեց Երեւանի պարտութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ամբողջական հրադադարի համաձայնութենէն ետք» (Haut-Karabakh: Vladimir Poutine scelle la défaite d’Erevan après l’accord de « cessez-le-feu total » entre l’Arménie et l’Azerbaïdjan): Օտար լրագրողը ոտքի քնացնող աճպարարի ճապկում չ’ըներ, կ’ըսէ՝ պարտութեան ամրագրում: Թերթը կ’աւելցնէ. «Ծանր զինուորական պարտութիւն»:

            Հոս է, որ Գոհար Մելոյեանի միտքը կը դառնայ ազգային քաղաքականութեան հիմնական օրակարգ:

Հողերը յանձնելով հայուն կեանքը անվտանգ կը դառնա՞յ:

            Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէ հարցումին:

            Հայաստանի ցուցարարները, հազարաւորներ, Ազատութեան հրապարակ չեն եկած աթոռակռիւ մղելու, անոնք ոչ պատգամաւորի ոչ ալ նախարարի կամ վարչապետի պաշտօններուն թեկնածու են, անոնք ընդոծին գիտակցութեամբ մտահոգ ժողովուրդ են, չեն հասկնար որ նման աղիտալի համաձայնագիր մը ստորագրած է երկրի վարչապետը: Ֆրանսական թերթը կը մէջբերէ ընդդիմութեան ճառախօսը. «Եթէ, ինչպէս ան (վարչապետը) կը յաւակնի ըսել, որ այլընտրանք չկար, ինչո՞ւ աւելի կանուխ չէր յանգած համաձայնութեան մը»: Թերթը կը շարունակէ: «Ուրիշ մը կ’ըսէ, որ քառասունհինգ օր մեզ սնուցին լաւ լուրերով, եւ յանկարծ, պում, ամէն բան փուլ կու գայ… Իրենց կը վստահէի եւ իրենք իրենց ժամանակը կ’անցնէին մեզ խաբելով»…

            Հայաստանի եւ հայուն համար, նոյնիսկ հողերը յանձնելէ ետքհայուն կեանքը անվտանգ կը դառնա՞յ… Ոչ միայն անդամահատուած է Արցախը, այլ նաեւ անուղղակիօրէն անդամահատման վտանգ կ’ապրի Հայաստանը, քանի որ Թուրքիա, Նախիջեւան եւ Ատրպէյճան իրարու պիտի կապուին Հայաստանի տարածքէն տիրոջ իրաւունքով անցնող ճանապարհներով:

Նոյեմբեր 16ին նախագահ Արմէն Սարգսեան կոչ ըրաւ կազմակերպելու Ազգային Ժողովի կանխահաս ընտրութիւն: Իշխանութիւնները նկատի չառին նախագահին կոչը: Փոխարէն, վարչապետը կոչ ըրաւ որ իրեն զօրակցող զինուորներ Երեւան գան եւ հաշուեյարդար ընեն: Բրտութեան այս հրաւէրը, կրնայ ըլլալ քաղաքացիական կռիւի սկիզբ, պատճառ դառնալով մեծամասնութեան մաս կազմող կարգ մը պատգամաւորներու եւ պաշտօնատարներու հրաժարականներուն:

            Մեկնաբանութեան կը կարօտի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հրաժարականը: Տեղեակ չէր պահուած Եռակողմ համաձայնագրի բանակցութենէն եւ ստորագրութենէն: Հաւանօրէն նաեւ համաձայն չէ ստորագրուած համաձայնագրին:

            Սահմանադրագէտի դատումը, որ «սա նոր վերջի սկիզբն է» կամ կ’ըլլայ, կրնա՞յ իմաստութեան մղել իշխանութիւնը եւ ընդդիմութիւնը, լսելու Հանրապետութեան նախագահի թելադրութիւնը եւ դիմելու ժողովուրդի դատաստանին, հաւատալով անոր յատուկ ողջախոհութեան:

Նոր վերջի սկիզբ… Ի՞նչ բանի սկիզբ… Ինչպիսի պատասխանատուութեամբ, ի՞նչ ընելու, ո՞ւր հասնելու համար:

            Կրկնե՞նք Ֆետերիքօ Մայորի խօսքը. Վաղը միշտ ուշ է:

            Խուսափելու համար աղէտէ, ղեկավարութիւնները ազնիւ եւ ազնուական քաջութիւն պէտք է ունենան, յանուն հայրենիքի եւ մեր տասնըհինգ միլիոնին, զիրար լսելու եւ իրարու ըսելու, որ «դուն ալ իրաւունք ունիս»: