Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով Հանրահաւաքէն Ետք Մեկնարկած է Դէպի Դատախազութիւն եւ ԱԳՆ Երթը

Այլեւայլ, Հայաստան

Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով Ազատութեան հրպարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքէն ետք մեկնարկած է երթը Երեւանի փողոցներով: Այս պահուն ցուցարարները Մաշտոցի պողոտայով կը շարժին դէպի գլխաւոր դատախազութիւն, իսկ այնտեղէն՝ դէպի ԱԳ նախարարութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։

Նշենք, որ վաղը՝ Նոյեմբեր 17-ին բողոքի ցոյց չէ նախատեսուած:

17 կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները կոչ ըրած են ԱԺ պատգամաւորներուն Նիկոլ Փաշինեանին անվստահութիւն յայտնելու գործընթաց սկսելու: