Մոլորուած Սփիւռքահայերուն…

Uncategorized

Տարբեր լրատւութիւններու միջոցով չէք կրնար յստակ պատկերացումներ կազմել, թէ ինչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ։ Խօսիմ օրինակներով, պարզ, եւ փորձեմ որոշ հարցերու պարզաբանումներ տալ, յուսալով, որ տեղ կը հասնին եւ կը կարդաք բաց աչքերով։

1-Կեղծ լայվեր։

 «Զինուորներ» որոնց հագածը միայն զինուորական զգեստ է, անոնցմէ մէկը կ’ըսէ,- «ես հիմա Ճապրաիլէն կը խօսիմ…. ես հիմա աւելի շատ կը սիրեմ նիկոլը։

Իրականութիւն։ Նախ Ճապրաիլի մէջ ինթըրնէթ չկայ եւ չէ եղած։ Երկրորդ իր խօսելէն օրեր առաջ՝ այնտեղ զինուոր չեն ձգած մնայ (ոչ թէ փախած են)։

Կեղծ լայվերով ելոյթ կ’ունենան նաեւ տատիկներ եւ այլն։

2-Ղեկավարներու սուտ ու մոլորեցնող խօսքեր։

«Կոչ ըրինք որ կամաւորներ գան, չեկան կռուելու, փոխարէն հրապարակ հաւաքուած են»։

Իրականութիւն։

Հայոց բանակն ու կամաւորները սահմանին յաղթած են, հակառակ որ հրահանգուած է համապատասխան հակահարուած չտալ, փախուստ չէ եղած։ Հազարաւոր տարբեր տարիքի տղամարդիկ Հայաստանէն ու Սփիւռքէն զինուորագրուած են եւ զիրենք չեն տարած (մէկ վկայութիւն՝ կարդացէք յայտնի լրագրող Նայիրի Հոխիկեանի խօսքը https://www.facebook.com/nhokhikyan1/posts/647402292616722 եւ նման օրինակներ ու վկայութիւններ շատ են)։

Հայ զինուորի, հայ մարտիկի անունը աշխարհով մէկ թնդաց, ահաբեկիչները սարսափեցան իրենցմէ, հիմա երկրի ղեկավարները կը փորձեն այդ անունը սեւցնել։

Նոյն ստախօս ղեկավարներու հրահանգով բանակը քաշուած է (կը կրկնեմ հրահանգով), քաշուած է յաղթանակ տարած Շուշիէն, այնտեղ մնացած են ու մերժած են գալ միայն կամաւորները։ Կարդացէք աշխարհահռչակ մարզիկի խօսքերը։https://www.tert.am/am/news/2020/11/12/Mihran/3441258?fbclid=IwAR0LM-s8cdjLkVqZOJaUeTFWlDtprt6beE6ySrO9r20n8gLObAm0M4MdJ-A

3-Արցախցիները ինչո՞ւ ձգած են իրենց տունն ու հողը

Աշխարհի մէջ չկայ այնպիսի երկիր մը, որ այնքան կապուած ըլլայ իր հողին ինչքան արցախցին, այդ մասին կը վկայեն նոյնիսկ օտար լրագրողները. արցախցիները երկիրը արիւնով պաշտրանելու օրինակ են եւ առանց ցուցամոլութեան այդ մէկը շատ բնական կը համարեն, ամէն ընտանիքի մէջ զոհ եւ նոյնիսկ զոհեր կան։ Դուք օտար երկրի մէջ հանգիստ նստելով իրենց հայրենիք սիրե՞լ պիտի սորվեցնէք։ Գիտէ՞ք, որ Արցախի մէջ մնացող հայերուն անվտանգութիւնը պիտի ապահովէ Ազրպէյճանցի Ռուստամ Մուրատովը։ Երթան գորշ գայլերու հետ ապրին, դուք հանգիստ ու ձեր սիրած նիկոլի Հայաստանի մէջ անգամ չէք ապրիր։

4-Հրապարակի մէջ հաւաքուելու փոխարէն գացէք կռուեցէք։

Իրականութիւն։

Նախ ինչպէ՞ս կռուին, եթէ հրաման եղած է ետ քաշուելու, ինչո՞վ կռուին, եթէ զէնքերը հաւաքուած են, ինչո՞վ սնուին, այդ պայմաններու մէջ որո՞ւն դէմ կռուին, արդիական զէնքեր ունեցող երկիրներու դէ՞մ։ Դուք ինչո՞ւ չհետեւեցաք ձեր սիրելիի կոչին։

Հրապարակի մէջ հաւաքուածները նաեւ կռուողներն են, զոհուածներու հարազատներ, արցախցիներ, որոնք գիտեն ողջ իրականութիւնը եւ կը պոռթկան, պարապ տեղ չէ, որ այսքան արագ այսքան թիւ հաւաքուեցաւ, նայեցէք անոնց դէմքերուն կը տեսնէք պոռթկումը, ցաւը։

5-Եթէ հրապարակի մէջինները կռուողներ են, ինչպէ՞ս քանի վայրկեան վերջ, Կիրակի գիշեր հասան Ազգային ժողով։

Բացատրութիւն։ Նախ, Ազգային ժողով գացածներու թիւը նայեցէք ու համեմատեցէք հրապարակի թիւին հետ, մէկը միւսին հետ կապելը ճիշդ չէ։

Այսքան տղամարդ կայ, որովհետեւ հազարաւորներ գրանցուած են, որ երթան եւ զիրենք չեն տարած։ Կայ նաեւ, որովհետեւ պատերազմը ամէն մարդու գործ չէ, եւ ամօթ չէ` մէկը հիւանդ է, մէկը ընտանիքի միակ պահողն է, մէկը զգայուն է, մէկը վախկոտ է (մարդկային):

Համաձայն եմ, Ազգային ժողովի մէջ եղածը ճիշդ չէր, սակայն այստեղ կայ երկու բացատրութիւն՝ պոռթկումի պահուն, զոհուածի եղբայրը, հայրը, ընկերը ամէն ինչի ընդունակ է (չեմ արդարացներ, վիճակը կը հասկնամ): Կ’ըսուի Արարատ Միրզոյեանին ծեծած են իր պզտիկին դիմաց։ Հարց՝ պզտիկը գիշերուան երկուքին ի՞նչ գործ ունէր հոն։ Միւս կողմէ՝ պատգամաւոր Լենա Նազարեանը ամէն ինչ ձգած կը հաղորդէ, որ խորհրդարանի շէնքը նորոգուած է արդէն։ Ինչպէս նիկոլը ըսաւ հողերուն մասին յետոյ կը խօսինք, անուշահոտս գողցած են, լենան ալ հայրենիքի կորուստը ձգած Ազգային ժողովի նորոգուած աթոռներուն մասին կը խօսի։

Այս բոլորը կասկածներ չե՞ն արթնցներ, որ ատիկա իրենք հրահրած են՝ սեւցնելու համար ընդդիմութիւնը, անընդհատ կը յիշեցնեն ալ, որ միշտ դէմ խօսելու բան ունենաք։

5- Այս թուղթին ստորագրութիւնը նախկիններուն գործն է:

Նախկինները երբեք չեմ պաշտպանած, հակառակը՝ շատ դէմ գրած եմ, շատ ուրախ էի, որ փոխուեցան, եւ երբեք չէի մտածեր, որ պիտի գայ օր մը, որ երանի պիտի տամ անցեալին։

Հարց, նախկիններուն ստորագրած թուղթը տեսա՞ծ էք, գիտէ՞ք ինչ ստորագրած են, վստահ եմ՝ ոչ։ Փոխ զիջման պայմանագիր, որ կրցան ձգել թուղթի վրայ։ Ինչպէս նիկոլին կ’ըսէք՝ ստիպուած ստորագրած է, իրենք ալ ստիպուած ստորագրած կրնան ըլլալ։ Իսկ նիկոլը յանձնեց ողջ Հայաստանը։ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները վատագոյնին հասցուց եւ ահա հետեւանքը։

Ի դէպ, ստիպուած ստորագրելու մասին։ Թուղթը ստիպուած ստորագրողը լուրը կը յայտարարէ յաղթանակած ժպիտո՞վ, իր գողցուած օծանելիքը կարեւորելո՞վ, թէ քիիիիչ մը ցաւ ապրելով։

6-Հրապարակին մէջ աթոռի կռիւ է

Ի՞նչ աթոոոռ, ընտրութի՞ւն կ’ըլլայ հրապարակի մէջ, երկիրը կը կործանուի աթոռ ալ չի մնար։

7-Հապա ինչո՞ւ հաւաքուած են, ի՞նչ լուծում կրնան գտնել։

Պէտք է նիկոլը հրաժարի, որ կարենան փրկութեան կոմիտէ կազմել, այսինքն ժամանակաւոր մարմին մը՝ կազմուած քաղաքական բոլոր ուժերէն, որոնք կարճ ժամանակով պիտի կառավարեն երկիրը։ Մէկը ընտրեն, որ երթայ բանակցի Ռուսիոյ, Իրանի եւ այլնի հետ եւ Հայաստանը ազատէ այս ողբերգութենէն եւ դուրս գանք նուազագոյն վնասով (Աստուած տայ նոյնիսկ փոխզիջում ըլլայ)։ Յետոոոոյ կը յայտարարուի ընտրութիւն եւ որուն կ’ուզէք ընտրեցէք։ Աթոռի կռիւը այն ատեն կը սկսի ու թքած ունիմ այդ աթոռին՝ կարեւորը գահին նստի ՀԱՅ ԻՇԽԱՆ եւ ո՛չ թէ՝ դաւաճան։ 

Աւելին չեմ ուզեր գրել, բաներ ալ կան գրելը ճիշդ չէ, բայց պէտք է հաւատաք, որ հոս ապրելով շատ աւելի բան գիտեմ, քան՝ դուք։  

ԵՌԱԳՈՅՆ