Լռութեամբ Օգնենք Հայ Զինուորին. Յ. Լատոյեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մտածեցէք, որ խրամատի մէջ հայ զինուորը` քեզի, մեզի եւ բոլորիս համար զոհուող ի՛նչ կրնայ ուզել թիկունքին կանգնած իր հայրենակիցներէն:

Մտածեցէք, որ բանակին կողքին դաշնակցական գումարտակները, երկրապահներու ջոկատները, կամաւոր զինուորագրեալները, նախկին եւ այժմու հրամանատարները ի՛նչ կրնան սպասել իրենց թիկունքին կանգնած ժողովուրդէն:

Մտածեցէք, որ գիշերը ցերեկ անքուն մնացող, պաղին բուքին իրենց անձնազոհութեամբ Արցախը պաշտպանողներուն ի՛նչ խօսքերով կրնանք գոհացնել եւ թեթեւցնել անոնց հոգիները:

Անտարակոյս, որ խրամատի մէջ կանգնած զինուորը թիկունքին զօրաւոր եւ միասնակամութեամբ ամուր արիւնակիցներ կ՛ուզէ:

Անտարակոյս, որ խրամատի մէջ կանգնած զինուորը ապահով եւ զօրաւոր կը զգայ, երբ պառակտող եւ խանգարող գրառումներ, ելոյթներ, յօդուածներ, համոզումներ չլսէ ու չտեսնէ:

Իսկապէս:

27 սեպտեմբերէն ի վեր մեր ընկերային ցանցերու, գրաւոր եւ տպագիր մամուլի մէջ, հեռարձակուած  ելոյթներով եւ զանազան միջոցներով պատերազմը քննարկող, պառակտող, կասկածող, դատապարտող, ջլատող եւ թունաւորող խօսքերը եթէ չըլլան, շատ աւելի լաւ կ՛ըլլար: Լռելն ու կարծիք չյայտնելը, մանաւանդ քննարկման չենթարկելը որքան կ՛օգնեն խրամատի մէջ կանգնող զինուորին բարոյականին ու կորովին:

Մտածա՞ծ էք կամ մտածա՞ծ ենք այս մասին:

Լռել սորվինք:

Պատմութեան մէջ ոչ ոք հաշուետուութենէ կրցած է փախուստ տալ:

Յետոյ ժամանակը կու գայ, կը խօսինք, կը քննարկենք, հաշուետուութեան կը կանչենք, կը դատապարտենք, ի՛նչ որ կրնանք, կ՛ընենք կասկած մի ունենաք:

Ձգեցէք` զինուորը զօրաւոր եւ հաւատքով լեցուն թիկունքը զգայ: Ձգեցէք` ձեր լռութեամբ զինուորը իր զոհաբերումին արժէքը վայելէ:

Չեմ ըսեր, որ համոզումները եւ ձեր գիտցածները մոռցէք:

Բայց  կ՛ըսեմ, որ այս գրառումները , ելոյթները եւ պահուածքը վնաս է բոլորիս եւ ոչ մէկ շահ, կը բերէ, մանաւանդ անոնցմէ ոչ մէկ բարոյական շահ կայ զինուորին համար:

Լռութեամբ օգնենք հայ զինուորին: Լռութեամբ զօրաւոր թիկունք ունենալու ապահովութիւնը տանք, քան պառակտուած, խարխափող, շուարած, կասկածող եւ թափթփած պատկերով մը ներկայանանք:

Լռութիւնը ոսկի է: