Ազրպէյճանը Գիշերը Հարուածած է Արցախի Խաղաղ Բնակավայրերը. Կան Զոհեր

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի խաղաղ բնակավայրերուն մէջ, Նոյեմբեր 5 լոյս 6-ին եղած է անհանգիստ։ Կան տուժածներ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը։

«Ազրպէյճանաթրքական ուժերը ամբողջ գիշեր կրակի տակ պահած են Շուշի եւ Ստեփանակերտ քաղաքները։ Հրթիռակոծութեան հետեւանքով Շուշիի մէջ հրդեհուած են քանի մը բնակելի տուներ, իսկ մայրաքաղաքին մէջ կան աւերածութիւններ։ Դէպքերու վայրերուն մէջ կ՝աշխատին ԱԻ պետական ծառայութեան փրկարարական ջոկատները։ Քաղաքացիական բնակչութեան մէջ՝ նախնական տուեալներով՝ կայ 3 զոհ։ Միւս տուեալները կը ճշտուին»,- կը նշեն ԱԻ պետական ծառայութենէն։