Վանգուվըրի ՀՕՄ-ի Արազ Մասնաճիւղը Շտապօգնութեան Ծրարներ Ուղարկեց Արցախ

Հայաստան, Սփիւռք

Վանգուվըրի ՀՕՄ-ի Արազ Մասնաճիւղը Արցախի եւ Հայաստանի վրայ նորագոյն յարձակումներէն տուժած հայերուն անմիջական աջակցութիւն հասնցելու համար առողջապահական նպաստ ուղարկեցին Հայաստան եւ Արցախ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հորիզոն»-ը։

Հայ ժողովուրդի դարաւոր կեանքի ճանապարհին անձնուէր ծառայութեան հաստատակամ ուղիով իր երկար ճանապարհը կտրած Հայ Օգնութեան միութեան ՀՕՄ-ի Արազ Մասնաճիւղի ընկերուհինրը դեղօրայք եւ անմիջական շտապ օգնութեան ծրարներ պատրաստեցին օժանդակութեամբ եւ համագործակցութեամբ գաղութի դեղագործներուն եւ ուղարկեցին հայ զինուորին: