ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին Կրակը Անյապաղ Դադրեցնելու Կոչ Ըրած է

Աշխարհ, Հայաստան

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը ԼՂ հակամարտութեան գօտին մէջ իրավիճակի լարուածութեան շուրջ տեղի ունեցած փակ քննարկմէն ետք յայտարարութիւն տարածած է: Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի․

«ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները անհանգստացած են ԼՂ հակամարտութեան գօտիի երկայնքով լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու մասին հաղորդումներուն առնչութեամբ: Անոնք վճռականօրէն կը դատապարտեն ուժի գործադրումն ու ափսոսանք կը յայտնեն մարդկային ու քաղաքացիական զոհերու առնչութեամբ:

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները աջակցած են Գլխաւոր քարտուղարին` կողմերուն ուղղուած կոչին` անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, նուազեցնելու լարուածութիւնը ու անմիջապէս վերադառնալու կառուցողական բանակցութիւններու:

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները յայտարարած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու կեդրոնական դերակատարութեան լիակատար աջակցութեան մասին ու կոչ ըրած են կողմերուն համագործակցելու անոնց հետ` առանց նախապայմաններու երկխօսութիւնը շուտափոյթ վերսկսելու համար»: