13 Կուսակցութիւններու Կոչը Հայաստանի եւ Արցախի Միջեւ Ռազմավարական Դաշինք Կնքելու Անհրաժեշտութեան Մասին

Հայաստան

Սեպտեմբեր 27-ին, Ազրպէյճանի կողմէ, Թուրքիոյ բացայայտ աջակցութեամբ եւ խրախուսմամբ սանձազերծուած պատերազմը մէկ անգամ եւս շեշտեց Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն միջեւ ռազմավարական դաշինք կնքելու անհրաժեշտութիւնը։ Հիմք ընդունելով Հայաստանի անկախութեան մասին 1990 թ. Օգոստոս 23-ի, ԼՂՀ հռչակման մասին 1991 թ. Սեպտեմբեր 2-ի հռչակագրերը եւ արձանագրելով Արցախի ինքնիշխանութեան հռչակման ու անոր յաջորդած գործընթացի օրինականութիւնն ու համապատասխանութիւնը միջազգային եւ ներպետական իրաւական կառուցակարգերուն, նկատի ունենալով՝– Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ երաշխաւորելու Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը եւ անվտանգութեան ապահովման հետ կապուած հարցերու մէջ համաձայնեցուած գործողութիւններու անհրաժեշտութիւնը,– բանակցային գործընթացի լիարժէքութեան եւ արդիւնաւէտութեան ապահովման առումով Արցախի Հանրապետութեան լիիրաւ մասնակցութեան անխուսափելիութիւնը,– բանակցային գործընթացի մէջ Արցախի Հանրապետութեան անկախ կարգավիճակի, անոր տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման եւ անվտանգութեան հետ կապուած հարցերու լուծման առաջնահերթութիւնը,– մարդու հիմնարար իրաւունքներու իրացման, անվտանգութեան, ռազմական համագործակցութեան, արտաքին քաղաքական գործունէութեան եւ բազմաթիւ այլ բնագաւառներու հետ կապուած Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու իրաւայարաբերութիւններու մինչեւ օրս լիարժէք կարգաւորուած չըլլալու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան իրաւապայմանագրային յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու անհրաժեշտութիւնը. Մենք՝ ներքոստորագրեալ կուսակցութիւններս, կոչ կ՝ընենք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն՝ անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու երկու հանրապետութիւններու միջեւ ռազմավարական համապարփակ համագործակցութեան պայմանագիր կնքելու ուղղութեամբ։

«Ազատութիւն»  կուսակցութիւն

«Ազգային Օրակարգ» կուսակցութիւն

«Ազգային Ինքնորոշում Միաւորում» կուսակցութիւն

«Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն»

«Երկիր Ծիրանի» կուսակցութիւն

«Ժառանգութիւն» կուսակցութիւն

«Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութիւն»

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն»

«Հայաստանի Դեմոկրատական կուսակցութիւն»

«Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն»

«Հայաստանի Քրիստոնեայ-Դեմոկրատական Միութիւն»

«Յանուն Սոցիալական Արդարութեան» կուսակցութիւն

«Մէկ Հայաստան» կուսակցութիւն

Յ.Գ. Յայտարարութիւնը  բաց է միանալու համար: