Ազրպէյճանը Հրետանային Նախապատրաստութիւն Սկսած է. Հայկական Կողմը Խոցած է Յարձակող Զրահամեքենաներու Խումբ

Աշխարհ, Հայաստան

Տարբեր անմիջականութեամբ մարտերը կը շարունակուին՝ ուղեկցուելով հակառակորդին կողմէ հրետանային նախապատրաստութեամբ, հայկական ստորաբաժանումները առաւօտ կանուխ խոցած են հակառակորդի գրոհող զրահամեքենաներու խումբ: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:

«Սահմանագիծի քանի մը ուղղութիւններով հայկական ստորաբաժանումները այս պահի դրութեամբ ետ մղած են Ազրպէյճանի զինուժի գրոհները, առանձին հատուածներու վրայ ձեռնարկած պատժիչ գործողութիւններ՝ պատճառելով հակառակորդին կենդանի ուժի եւ զրահամեքենաներու զգալի կորուստներ։

Մասնաւորապէս, առաւօտ կանուխ, հարաւային ուղղութեամբ խոցուած է հակառակորդի գրոհող զրահամեքենաներու խումբ (տեսանիւթը՝ շուտով)»,-յայտնած է Ստեփանեան: