Գիշերը Մարտական Գործողութիւնները Շարունակուեցան, Մեր Բանակը Ունի Նշանակալի Յաջողութիւններ

Հայաստան

Գիշերը մարտական գործողութիւնները շարունակուեցան, մեր Զինուած ուժերը ունին նշանակալի յաջողութիւններ: Սակայն դեռ հանգիստ չէ, մարտերը կը շարունակուին, որոշ տեղերու մէջ հրետանային մենամարտեր են: Մեր զօրքերուն մասին ազրպէյճանական կողմի յայտնած կորուստները չեն համապատասխաներ իրականութեան: Այս մասին գրած է ֆէյսպուքի իր էջին ռազմական փորձագէտ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Ան նաեւ տեսանիւթ հրապարակած` «Սմերչի հրթիռի պոչամասը» գրութեամբ, որ կիսուած է «Յանուն հայզինուորի» ՀԿ ղեկավար Դաւիթ Թորոսեանի ֆէյսպուքեան էջէն: