Արցախի Դէմ Ազրպէյճան Կիրառած է TOS Ծանր Հրետանային Համակարգ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախա-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ հակառակորդը կիրառած է հրետանային միջոցներ, զրահամեքենաներ, ներառեալ` TOS ծանր հրանետային համակարգ:

Այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:

«Գիշերուան ընթացքին մարտերը շարունակուած են տարբեր սաստկութեամբ: Վաղ առաւօտեան հակառակորդը վերսկսած է յարձակողական գործողութիւնները` կիրառելով հրետանային միջոցներ, զրահամեքենաներ, ներառեալ` TOS ծանր հրանետային համակարգ: Հայկական ստորաբաժանումները սառնասրտօրէն կը դիմագրաւեն ազրպէյճանական ստորաբաժանումներու ոտնձգութիւնները եւ կը ձեռնարկեն համապատասխան գործողութիւններ` պատճառելով հակառակորդին անձնակազմի եւ զինամթերքի զգալի կորուստներ»,- յայտնած է Ստեփանեան: