Համախմբումը Մեր Յաղթանակներու Անվերապահ Գրաւականն է. Հանրապետութեան Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Ուղերձը

Հայաստան

Համախմբումը Մեր Յաղթանակներու Անվերապահ Գրաւականն է. Հանրապետութեան Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Ուղերձը

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան ուղերձ յղած է Սեպտեմբեր 27-ին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակման առնչութեամբ` նշելով, որ համախմբումը հայ ժողովուրդի յաղթանակներու անվերապահ գրաւականն է:

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի մէջ

Ազրպէյճանական հերթական ռազմական պատերազմ է ողջ հայ ժողովուրդիn դէմ: Այդ պատերազմն ուղղուած է Արցախի մէջ մարդու ազատ ապրելու իրաւունքի, արժանապատիւ եւ խաղաղ կեանք ու ապագայ ունենալու դէմ․․․:

Արցախի պաշտպանութեան բանակը իր առաջին իսկ պատասխանով վերստին ապացուցեց, որ պատրաստ է արագօրէն արձագանգել ցանկացած ռազմական գործողութեան:

Ցանկացած յարձակման մեր պատասխանը եղած է, կայ եւ պիտի ըլլայ խաղաղութեան վերահաստատումը, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի եւ անվտանգութեան ամրապնդումը:

Մենք կ՛ակնկալենք, որ միջազգային հանրութեան` առաջին հերթին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու, պետութիւններու, միջազգային կառոյցներու, անհատներու կողմէ համարժէք եւ գործնական արձագանգ տրուի Ազրպէյճանի պատերազմական գործողութիւններուն․․․:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Արցախեան գոյամարտին ձեռք բերուած յաղթանակը մեր միասնութեան ու համախմբման արդիւնք է, այսօր այդ յաղթանակի պահպանումը մեզմէ իւրաքանչիւրի նուիրական պարտքն է:

Մեր Հայրենիքի ճակատագիրը կախուած է մեզմէ, մեր միասնութենէն, համերաշխութենէն եւ կարգապահութենէն:

Պէտք է համախմբուիլ:

Համախմբումը մեր յաղթանակներու անվերապահ գրաւականն է: Այս պահուն պէտք է մէկ կողմ դնենք բոլոր քաղաքական տարաձայնութիւններն ու անձնական հակառակութիւնները եւ դառնանք ամուր թիկունքը մեր զինուած ուժերուն:

Գործենք միասին` որքան ալ տարբեր ըլլան մեր մտածելակերպը, աշխարհայեացքը եւ պատկերացումները:

Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի մէջ իւրաքանչիւրիս կարողութիւնն ու ներուժը պիտի օգտագործուին Հայրենիքի համար:

Աստուած պահապան մեր բանակին:

Աստուած պահապան բոլորիս»: