Հայաստան Միացաւ Կրօնական Ազատութեան Միջազգային Դաշինքին` «Քորոնա» Ժահրին Վերաբերեալ Յայտարարութեան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստան միացաւ Կրօնական ազատութեան միջազգային դաշինքի` «Քորոնա» ժահրին վերաբերեալ յայտարարութեան: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն։

«Ճգնաժամը, որուն բախած է միջազգային հանրութիւնը, այլեւս կը կրէ համաշխարհային բնոյթ, եւ COVID-19-ի հասցէագրման ուղղուած որեւէ քայլ պէտք չէ ծառայէ իբրեւ հասարակութեան ոեւէ անդամ, ներառեալ մարդու իրաւունքներու պաշտպանները, լրագրողները եւ լրատուական դաշտի ներկայացուցիչները լռեցնելու, թիրախաւորելու կամ հալածելու արդարացում:

«Նոյնիսկ համավարակի ընթացքին պետութիւնները հաշուետու են իրենց կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ յանձնառութիւններուն համար` երաշխաւորելու յարգանքը մարդու իրաւունքներու, ինչպէս կրօնի եւ հաւատքի ազատութեան նկատմամբ, որոնք յոյժ կարեւորութիւն կ՝ունենան ազգային ճգնաժամերու ժամանակ` խրախուսելով համավարակի կառավարման ուղղութեամբ աշխոյժ ջանքերու գործադրումը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ: