Ֆիլմերու Բացօթեայ Ցուցադրումով Սկսած Է «Ֆրեսքօ» Փառատօնի Երեւանեան Ծրագիրը

Այլեւայլ, Հայաստան

Երեւանի Աբովեան փողոցի Սբ. Աննա եւ Սբ. Կաթողիկէ եկեղեցիներու յարակից տարածքին մէջ, Օգոստոս 24-ին, սկսած է «Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ֆիլմերու 7-րդ միջազգային փառատօնին երեւանեան ծրագիրը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armenpress.am-էն։

Ծրագիրով նախատեսուած բացօթյայ դիտումները պիտի շարունակուին մինչեւ Սեպտեմբեր 1, ամէն օր ժամը 19:00-23:00:

Կազմակերպիչներու խօսքով՝ թէեւ ֆիլմերու դիտումով հետաքրքրուածներուն քանակը շատ է, բայց, համավարակին պատճառով՝ տարածքին մէջ նախատեսուած է 40 հոգիի համար նստարան։

«Հաշուի առնելով, որ պարետի նոր որոշումով մշակոյթի ոլորտը, ներառեալ՝ թատերահամերգային ձեռնարկները եւ ֆիլմերու ցուցադրութիւնները կրնան իրականացուիլ բացառապէս բացօթեայ տարածքներու մէջ՝ որոշեցինք այս տարի եւս իրականացնել փառատօնը։ Այս տարի 85 երկրէ ներկայացուած 3000-է աւելի յայտէն ընտրուած է 63 ֆիլմ՝ 23 երկրէ։ Ձեռնարկներուն մէջ մասը կ՝իրականացուի առցանց հարթակով, իսկ յառաջիկայ օրերուն պիտի ըլլան բազմաթիւ ֆիլմերու բացօթեայ դիտում-քննարկումներ, համերգային ծրագրեր եւ առցանց հանդիպումներ»,- նշած է փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Աննա Կարապետեան։

Ֆիլմերու դիտումներէն առաջ ներկաները կը ջերմաչափուին, դիմակ կը դնեն, ինչպէս նաեւ կը պահպանեն հեռաւորութիւնը։

Նշենք, որ փառատօնին նպատակն է հոգեւոր եւ մշակութային երկխօսութեան միջոցով նպաստել մարդասիրական արժէքներու տարածման: «Ֆրեսքօ»-ի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը կայացած է սահմանամերձ Բերդ քաղաքին մէջ՝ «Բերդ» պարային անսամպլի բացօթեայ համերգով, այնուհետեւ համերգին յաջորդած են միջազգային ֆիլմերու դիտումները:

Փառատօնին ընթացքին պիտի ըլլան սպասուած համերգներ. Օգոստոս 28-ին՝ Հայաստանի Պարի պետական անսամպլի մենահամերգը, 29-ին՝ Ռուբէն Հախվերտեանի 70-ամեակին նուիրուած յոբելինական համերգը, Օգոստոս 30-ին ելոյթ պիտի ունենան Ջիւան Գասպարեանն ու իր ընկերները:

«Ֆրեսքօ»-ն կ՝իրականացուի ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան գլխաւոր աջակցութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի օրհնութեամբ եւ աջակցութեամբ եւ հայաստանեան «Կլոր սեղան» հիմնադրամին աջակցութեամբ: