Զօրակցինք Լիբանանահայութեան Վերականգնումին՝ Մասնակցելով Թելեթոնին

Սփիւռք

Լիբանանահայութեան վերականգնումին զօրակցելու նախաձեռնութիւնները կը շարունակուին։ Աւերն ու քանդումը աննկարագրելի են եւ զանոնք յաղթահարելը կը կարօտի ամբողջ հայութեան միակամ ու անվերապահ զօրակցութեան։

Այս ծիրին մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Համագաղութային Խորհուրդը, շարունակելով  հանգանակային իր աշխատանքները՝ ծրագրած է նաեւ պատկերասփիւռային  հանգանակութիւն մը՝ Թելեթոն, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 30 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 5-8 եւ պիտի սփռուի հայկական ARTN, Horizon, Pan Armenian TV, եւ US Armenia պատկերասփիւռի կայաններէն, ինչպէս նաեւ առցանց՝ ուղիղ եթերով։

Կոչ կ՛ուղղենք մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակներուն, որ կարելիի սահմաններուն մէջ եւ անվերապահօրէն շարունակեն մասնակցիլ այս դրամահաւաքին եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններով օժանդակութեան ձեռք երկարեն լիբանանահայութեան՝ որպէսզի կարենայ յաղթահարել տնտեսական, առողջական եւ հոգեկան ծանր տագնապը ու կարելի եղած փութով ձեռնարկուին վերաշինութեան աշխատանքերը, վերականգնելու Սփիւռքի ծաղկուն եւ կարեւոր գաղութներէն՝ Լիբանանի հայաշունչ օրրանը։

Ձեր նուիրատւութիւնները կրնաք ուղարկել առցանց՝ www.hyeaidlebanon.orgwww.facebook.com/hyeaidlebanon հասցէներուն միջոցաւ կամ հեռաձայնելով (818) 660-5453 թիւին։