Պանք Օթոմանի Գրաւումը Եւ Արեւմտահայութեան Այդ Օրերու Իրավիճակը. Ահարոն Շխրտըմեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Շատերուն  հաւանաբար  զարմանք   պատճառէ Պանք օթոմանի մասին այս  յօդուածը: Հայ  ժողովուրդի  պահանջատիրական պայքարին   հաւատարիմ  ոեւէ  գրող կամ անհատ կ’ենթադրեմ   նոյնը պիտի  ընէր: Քաղաքական, գաղափարական բոլոր  տարակարծութիւնները կ’անշքանան Մեծ երազի  ճանապարհին վրայ   ինկած  մեր   բոլոր  նահատակներուն յիշատակին առջեւ: Այսպէս  համոզուած եւ դաստիարակուած  եմ ընտանեկան յարկի տակ, նաեւ ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան  կրթական հաաստատութեան մէջ, ուր յատկապէս անզուգական «տնօրէնուհիս»՝ տիկին Սօսի Պետիկեանը, կը պնդէր  պատմագիտութեան  հետեւիմ Հայաստանի մէջ:

Ազգային ազատագրական  պայքարի հաւատացող անհատ, հաւաքականութիւն, կուսակցութիւն իրաւունք  չունի անտեսելու, միակողմանի  գնահատականներ տալու   գերագոյնի գնով հայրենի հողին  հետ շաղախուած մեր հերոսներուն  յիշատակը:

125  տարի առաջ այս  օրերուն՝  14  օգոստոս  1896-ին,  26 անձնազոհ երիտասարդներ,  բոլորը  դաշնակցական (ոմանք կ’ըսեն, թէ հնչակեաններ ալ մասնակցած են),  Պոլսոյ մէջ օր ցերեկով  գրաւեցին միջազգային դրամատիրութեան  միջնաբերդ Պանք օթոմանի  շէնքը:  Ամբողջ    18 ժամ զայն պահեցին իրենց  ձեռքը՝ հերոսաբար  դիմադրելով թրքական   կանոնաւոր զօրքերուն:

Չմոռնանք այս   թուականները՝  Գում Գափուի  ցոյցը՝ 1890,   Պապա Ալիի ցոյցը՝ 1895,  Պանք օթոմանի գրաւումը՝ 1896:  Աննախընթաց երեւոյթներ:  Խիզախ  եւ յանդուգն քայլեր համիտեան  բանակին, անոր  լրտեսներուն  քիթին տակ եւ  օտար  դեսպաններու աչքին առջեւ:  Այսօր շատ դիւրին է   100  եւ աւելի տարի  ետք  հեռուէն  դիտելով  հեգնել, թերագնահատել  բռնատիրութեան, իրաւունքներու յափշտակութեան  դէմ մեր  ճարահատ  ժողովուրդին  ընդվզումները:  Անոնց մէջ, խնդրեմ, մի փնտռէք  պուրժուա-դրամատիրական, մանր պուրժուական  բարքեր, մօտեցումներ, այլ   փորձեցէք  հասկնալ  արեւմտահայութեան այդ օրերու իրավիճակը: Անհրաժեշտ  է ըստ ժամանակի պայմաններուն կատարել անոնց արժեւորումը:

Ին՞չ էր դրամատուն  խուժող  երիտասարդներուն  պահանջը,  Պապ Ալիի եւ Գում Գափուի  հազարաւոր ցուցարարներուն պահանջը՝  ստիպել Ապտիւլ Համիտը  եւ  երաշխաւոր  վեց  պետութիւնները,  որ   բարեհաճին գործադրել  հայկական  նահանգներուն  բարենորոգութիւնները,   համաձայն  Պերլինի վեհաժողովի   61-րդ  յօդուածին:  Այ’ո,  կեանքի, ունեցուածքի, պատուի ապահովութիւն կը  պահանջէին   իրաւազուրկ արեւմտահայերը: Ո’չ Թուրքիայէն անջատուելու ծրագիր, ո’չ ալ անկախ  Հայաստան ունենալու  նպատակ:

Անկախութիւնը իբրեւ   հեռաւոր նպատակ  տեղ պիտի գտնէր   հայ  յեղափոխական կուսակցութիւններու ծրագիրին  մէջ: Անոնք   կազմուեցան,   երբ պարզ դարձաւ, որ  ո’չ  Կարմիր սուլթանը, ո’չ ալ   երաշխաւոր  պետութիւնները  լրջօրէն կը  մտածէին  գործադրել  խոստացուած  բարենորոգութիւնները:  Երկու խմբակցութեան բաժնուած  եւրոպական  մեծ պետութիւններուն համար ( Երրեակ  համաձայնութիւն՝  Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Ռուսիա  եւ Երրեակ զինակութիւն՝ Գերմանիա, Աւստրհունգարական կայսրութիւն, Իտալիա) առաջնայնութիւնը Եւրոպական ցամաքամասի  ներդաշնակութեան պահպանումն էր: Այդ  ներդաշնակութեան մաս կը կազմէր  Օսմանեան կայսրութեան  հողային  ամբողջականութիւնը…:

Տեսնելով երաշխաւոր պետութեանց  անտարբերութիւնը, Կարմիր սուլթանը  1894-ին Սասունէն սկսելով գործադրութեան դրաւ  Հայկական հարցը  միանգամընդմիշտ  թաղելու  կոտորածներու  քաղաքականութիւնը:  Սուլթանը,  1895 հոկտեմբերէն  մինչեւ  1896-ի գարունը արեան մէջ խեղդեց  Արեւմտահայաստանը, Կիլիկեան: Երեք  հարիւր  հազար  հայեր զոհ դարձան  Համիտի  համատարած  ջարդերուն:

Գում Գափուի  եւ Պապ Ալիի ցոյցերը, Պանք օթոմանի գրաւումը  հայ  ժողովուրդի  կուտակուած զայրոյթին  եւ անթեղուած  վրէժին   ինքնաբուխ պոռթկումներն էին:  Գրաւելով  դրամատունը՝ Դաշնակցութեան  Պոլսոյ  Կեդրոնական կոմիտէն (Լեւոն Նեվրուզ) վեց պետութիւններուն  կը յղէր  բարեկարգութիւնները անմիջապէս  գործադրելու պահանջագիր:

Գործողութեան  հրամանատարն է 23-ամեայ Բաբգէն Սիւնին:  Վերջինս  նահատակուեցաւ դրամատան մուտքին: Գործողութիւնը շարունակեց  ղեկավարել Արմէն Գարօն (Գարեգին  Պասթրմաճեան,  օգնական ունենալով Հրաչը՝ Հայկ Թիրեաքեան):

Լսենք զիրենք, անոնց պահանջները. «Այստեղէն  չպիտի   հեռանանք երկու  օր:  Մեր պահանջներն են ներկայի  համար՝

1-Միջազգային  միջամտութեամբ ամբողջ   երկրին մէջ  կեանքի եւ գոյքի ապահովութեան  երաշխաւորութիւն:

2-Արեւմտահայաստանի համար  նշանակել եւրոպացի մարզպան մը՝ ընտրուած  վեց պետութեանց կողմէ: Մարզպանը անձամբ պիտի նշանակէ կառավարիչները:

3- Մեր դէմ բռնութիւն  գործածուելու չէ:

4-Կեանքի  կատարեալ  երաշխաւորութիւն  բոլոր անոնց,  որոնք (որք) այստեղ, պանքային մէջ են, եւ անոնց, որոնք (որք) մասնակցած են  քաղաքի մէջ տեղի ունեցող այլ եւ այլ խռովութեանց:

« պանքայի  կահկարասիքին ու  դրամատան ձեռք  չպիտի դպցնենք, մինչեւ որ կատարուին  մեր պահանջները, իսկ  հակառակ պարագային՝ դրամական հարստութիւնը եւ պաշտօնական թղթերը պիտի  ոչնչացնենք եւ բոլոր պաշտօնեաներու հետ  պիտի  դիմենք  մեր մահուան՝ պանքայի աւերակներու տակ»:

5-Մենք ստիպուած  ենք այս  ծայրայեղ  միջոցները   ձեռք առնել:  Մարդկութեան  ոճրագործ անփութութիւնն է,  որ  մղած է  մեզ դէպի այս  ծայրայեղութիւնը»:

Դրամատան պաշտօնեաները  եւ  յաճախորդները,  թիւով՝ 157,  որոնց 120՝ օտարներ,  հլու հնազանդ  կը հետեւէին գործողութեան  ղեկավար Արմէն Գարոյի (Գարեգին Պասթըրմաճեան) ցուցմունքներուն:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց  նախարարութիւնը (Հայկական  խնդիրներ, 1893-1897)   հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կու տայ  Պանք օթոմանի դէպքին մասին:  Պոլսոյ Ֆրանսական դեսպանատան  գործակատար Ժան տը լա Պուլինիէ կը  հաստատէ, որ  գրաւումին  հեղինակները,  գործողութենէն  օր մը առաջ,  եւրոպական  դեսպանատուները ազդարարած են, որ  լքած   ըլլալով   արեւմտահայութիւնը,  ծանր  դէպքերու պէտք է սպասել…«Ոչ  ոք մտքէն կ’անցընէր, որ այս   նամակը ղրկելէ   քանի մը ժամ  ետք հայ յեղափոխականները իրենց   սպառնալիքներու  գործադրութեան պիտի  ձեռնարկէին»,– կը գրէ  Պուլինիէ:  Վերջինս արտաքին  գործոց  նախարարութեան յղած  տեղեկագիրով  բացէ ի բաց կ’ամբաստանէ Ապտիլ Համիտը՝ իբրեւ կազմակերպիչները Պոլսոյ   հայկական  կոտորածներուն:  Այստեղ շատ  յատկանշական է ֆրանսացի դիւանագէտին նշումը, թէ կոտորածները սկսած էին նախքան դրամատան գործողութիւնը:

Ինչպէս այս  հերոսական գործողութիւններու պարագային,  Պանք օթոմանի գործողութիւնը նոյնպէս  դարձաւ արեւմտեան դիւանագիտութեան  զոհը:

Հայդուկները ամբողջ  18 ժամ  իրենց   հակակշիռին տակ պահեցին  դրամատան շէնքը, ռումբերով  եւ   գնդակներով   ետ  մղեցին կատարուող յարձակումները:

Այդ  միջոցին,  Սուլթանին  հրահանգով, Պոլսոյ  բոլոր  արուարձաններուն  մէջ  վայրագ  յարձակումներու ենթարկուեցան հայերը:  Սուլթանը մերժեց  ընդունիլ  յեղափոխականներուն   պահանջները:  Երկարատեւ բանակցութիւններ տեղի  ունեցան Եըլտզի պալատին մէջ, դրամատան տնօրէն սըր   Էտկար Վինսէնթի, արեւմտեան պետութիւններու  դեսպաններուն եւ  ռուսական դեսպանատան գլխաւոր թարգմանիչ Մաքսիմովի  մասնակցութեամբ:

Յեղափոխականները ինկան   ռուս Մաքսիմովի  թակարդը: Սուլթանը հաւանութիւն տուաւ  չդպչելու  յեղափոխականներուն կեանքին եւ  թոյլ  տուաւ, որ  անոնք իրենց   զէնքերով   դուրս ելլեն  դրամատունէն՝ ոստիկանութեան եւ դրամատան պատուիրակներու հսկողութեան տակ  եւ առաջին շոգենաւով փոխադրուին Եւրոպա:

Ժողովրդային  ընդվզումի հետեւանք էր  Պանք  օթոմանը:

Պանք օթոմանի  դէպքը եւ   հայ ազգային ազատագրական  պայքարի այլ  մանրամասնութիւններ, տակաւին պատանի՝ կարդացած  եմ   ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան  մէջ ուսանած տարիներուս Կարապետ Իզմիրլեանի, Գաբրիէլ  Լազեանի,  Լէոյի  եւ այլ պատմաբաններու աշխատութիւններուն մէջ:

Դիւրին է խօսիլ ազատութեան  մէջ: Պահը ապրիլը այլ բան է….: