Մենք Պիտի Շարունակենք Տնտեսական Վերելքի Մեր Ուղին. ՀՀ Վարչապետ

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վստահ է, որ «քորոնա» ժահր համավարակի աւարտէն ետք, Հայաստանը պիտի շարունակէ տնտեսական վերելքի ուղին: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, վարչապետը ըսած է BBC-ի HARDtalk հաղորդման ընթացքին:

«2019 թուականին մենք ունեցանք Եւրոպայի մէջ ամենամեծ տնտեսական աճը։ Տնտեսական յաջողութենէն զատ, մեր երկիրը հսկայական առաջընթաց արձանագրեց միջազգային բոլոր վարկանիշներու գծով` ժողովրդավարութիւն, խօսքի ազատութիւն, դատական համակարգի անկախութիւն, կաշառակերութեան դէմ քաղաքականութիւն։ Երկու տարի շարունակ, միջազգային հեղինակաւոր հանդէսներու կողմէն, Հայաստանը ճանչուեցաւ տարուան երկիր ո՛չ միայն ժողովրդավարութեան առումով, այլեւ տնտեսական ցուցանիշներով։ Ի հարկէ, համավարակային իրավիճակը ընդհատեց մեր թռիչքը, բայց մենք պիտի շարունակենք տնտեսական վերելքի մեր ուղին»,- ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

Նշենք, որ 2019-ին Հայաստանը արձանագրած է 7.6 տոկոս տնտեսական աճ` ամենաբարձրը նախորդ 12 տարիներուն ընթացքին։