Անգարայի Մէջ Հայկական Գերեզմանոց Պղծուած է. Աճիւնները Դուրս Հանուած Են Գերեզմաններէն

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի Սինճան շրջանին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Փրկիչ եւ Ս. Քառասուն մանուկ եկեղեցիներուն պատկանող հայկական գերեզմանոցը աւերած են։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Նախկին փոխվարչապետ Ալի Պապաճանի կողմէ հիմնադրուած «Ժողովրդավարութիւն եւ առաջընթաց» կուսակցութեան (DEVA) փոխնախագահ Մուսթաֆա Եէներօղլուն՝ այս հարցին առիթով՝ դիմած է Անգարայի քաղաքապետ Մանսուր Եաւաշին։

Ան յայտնած է, որ գերեզմանոցին մէջ աճիւնները դուրս հանուած են գերեզմաններէն եւ ամենուր ցրուած են մարդկային ոսկորներ։

Եէներօղլուն շեշտած է, որ ասիկա ամօթալի վիճակ է եւ պէտք է անմիջապէս աճիւնները վերաթաղել եւ կարգի բերել գերեզմանոցը։

Անգարայի քաղաքապետն ալ յայտնած է, որ իրենք կը զբաղին այդ հարցով։