Պէյրութի Մէջ Վնասուած 1-2 Շինութիւն Պիտի Վերականգնուի Հայաստանի Միջոցներով․ Սինանեան

Հայաստան, Սփիւռք

Աշխատանքային այցի երկրորդ օրուան ընթացքին՝ Սփիւռքի Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան այցելած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան լիբանանեան մասնաճիւղի գրասենեակ եւ հանդիպում ունեցած ատենապետ Սեպուհ Գալփաքեանի հետ: Այս մասին կը յայտնէ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը:

Վերջինս ընդգծած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը, ի դէմս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, մշտական կապի մէջ է համայնքին հետ, որ այս պայմաններուն շատ կարեւոր է: Այնուհետեւ, ատենապետը ներկայացուցած է ՍԴՀԿ գործունէութիւնը Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ, մանրամասնած իրենց աշխատանքները:
Գլխաւոր յանձնակատարը անդրադարձած է լիբանանեան այցի նպատակներուն, վերահաստատած Լիբանանի եւ հայ համայնքի կողքին կանգնելու ՀՀ կառավարութեան պատրաստակամութիւնը: Ան նաեւ նշած է, որ վնասուած 1-2 շինութիւն պիտի վերականգնուին Հայաստանի միջոցներով:

Զարեհ Սինանեան ներկայացուցած է նաեւ հայրենադարձութեան ուղղութեամբ պետութեան ձեռնարկած քայլերը, մասնաւորապէս՝ «Հայրենադարձութեան մասին» օրէնքի նախաձեռնութիւնն ու հայրենադարձներու ընդելուզման կեդրոնի ստեղծման աշխատանքները:

Այնուհետեւ պատուիրակութեան անդամները շրջայց կատարած են Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ եւ յարակից բժշկական կեդրոնին մէջ, զրոյց ունեցած պայթումէն տուժած համայնքային ներկայացուցիչին հետ: