ՀՀ ԱԳՆ-ն Կարեւոր Կը Համարէ Ֆրանսախօս Ընտանիքին Աջակցութիւնը Լիբանանին

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան ու Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիկիւապոն հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են Լիբանանին մարդասիրական աջակցութեան տրամադրմանն առնչուող հարցեր:

Զոհրապ Մնացականեան ընդգծած է, որ որպէս Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթաժողովին մէջ նախագահող երկիր` Հայաստանը կարեւոր կը համարէ ֆրանսախօս ընտանիքի աջակցութիւնը Լիբանանի ժողովուրդին` իրեն պատուհասած ճգնաժամի յաղթահարման եւ օրհասական իրավիճակէն պատուով դուրս գալու գործին մէջ:

 Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են նաեւ ֆրանսախօս տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու եւ կազմակերպութեան առջեւ ծառացած խնդիրներու հասցէագրման ուղիներու շուրջ: