Ոչ Եւս է Հալէպահայ Երիտասարդ Ազգային Գործիչ Յուշիկ Ղազարեան

Սփիւռք

Օգոստոս 9-ին, անողոք ու յանկարծահաս մահը խլեց հալէպահայ երիտասարդ ազգային գործիչ, գրող Յուշիկ Ղազարեանի կեանքը։ Ցնցուած են Յուշիկին ծանօթ բոլոր բարեկամներն ու յատկապէս ողջ հալէպահայութիւնը։   

Յուշիկ Ղազարեան իր երիտասարդ ողջ կեանքը նուիրեց ազգին. խոստմնալից գրողն ու հայուհին ամէն տեղ էր՝ իր բեղուն գործունէութեամբ։ Ան իր վառ ժպիտով ու  եռանդով լոյս կը սփռէր շուրջը։ Յուշիկը Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ էր, «Գանձասար» շաբաթաթերթի աշխատակից, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հայերէնաւանդ ուսուցչուհի, կ՝աշխատակցէր Ռատիօ Երազին եւ այնտեղ էր, ուր անոր կարիքն ունէին։

Յուշիկի դիմադրողականութիւնը անզօր էր, պսակաձեւ ժահրը խլեց անոր երիտասարդ կեանքը։

Մխիթարութիւն բոլոր հարազատներուն, ընկերներուն եւ բարեկամներուն։